
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախեան հերոսամարտի առաջին օրերուն զոհուած Էդիկ Տոռոզեանի մայրը 12 Դեկտեմբերին միացաւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ՀՅԴ երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն եւ ՍԴՀԿ «Սարգիս Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութեան կազմակերպած ցոյցին՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի Հայաստան այցելութեան դէմ։
«Նոր Հաճընից երկու ժամ ճանապարհ եմ եկել այս եղանակին, որ տղայիս փոխարէն մասնակցեմ էս բողոքին», «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց 89ամեայ Փառանձեմ մայրիկը:
Փառանձեմ մայրիկը պատմեց, որ 35ամեայ Էդիկը առաջին Ղարաբաղ մեկնողներէն էր. «Պատերազմից առաջ զէնքեր սարքեց ու տարաւ հետը, գիտե՞ս՝ ինչ զէնքեր էր սարքել, առաջին օրերին իրա զէնքերով էին կռւում»:
Թոշակառու կինը թերթերէն կարդացած էր բողոքի ցոյցին մասին. «Տղաս պիտի դաշնակ դառնար, բայց չհասցրեց, դրա համար էլ էսօր ես եկել եմ էստեղ, որ իր փոխարէն մասնակցեմ: Իմ բալայի փոխարէն եմ էստեղ»:
Բողոքի ցոյցի ամբողջ ընթացքին Փառանձեմ մայրիկը կանգնած էր երիտասարդներու կողքին ու կ՛արտասուէր։