– Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քոնիայի մէջ ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են երեք անձեր՝ «Քայիտա»ի հետ կապեր ունենալու յանցանքով: Ոստիկանները անոնց բնակարանը ներխուժելով՝ յաջողած են ձերբակալել զանոնք ու գրաւած են 250 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթեր, զորս «ահաբեկիչները մտադրած էին Սուրիա ուղարկել»:
– Ամերիկեան «Թայմ» թերթը որոշած է այս տարուան անձնաւորութիւնը հռչակել Ֆրանսիս պապը։ Այդ կոչման թեկնածուներու տասնեակին մէջ նախապէս յայտնուած էին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը, մինչ երկրորդ դիրքի վրայ է ամերիկեան լրտեսութեան գաղտնիքները բացայայտած Էտուըրտ Սնոտընը։ Միւս կողմէ, բրիտանական «Կարտիըն» թերթը այս տարուան անձնաւորութիւնը հռչակած է Սնոտընը:
– Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան խորհրդատուի տեղակալ Պեն Ռոտզ յայտարարեց, որ Նելսըն Մանտելայի յուղարկաւորութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Քուպայի ղեկավար Ռաուլ Քասթրոյի միջեւ ձեռքսեղմումը կենցաղավարութենէ բացի այլ իմաստներ չունի՝ հակադարձելով այդ քայլը քննադատած շարք մը հանրապետական ղեկավարներու յայտարարութեանց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.