ՀԱԼԷՊ, «Բերիոյ Նիուզ».- Կիրակի, 15 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Պատանիի օրուան առիթով «Կամքի ժառանգորդներ» խորագիրը կրող ձեռնարկը, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ՝ Սուրիոյ պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ մասնակցութեամբ Հալէպի պատանեկանի մասնաճիւղերուն: Սուրիական եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներէն ետք բացման խօսքով հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին կրտսեր եւ երէց պատանիներ: Յայտագիրի ներկայացումները այլազան էին եւ կ՛ընդգրկէին խմբային արտասանութիւն, պատանեկան միութեան կողմէ ազգային յեղափոխական խմբային երգեր եւ կենդանի պատկեր:
Պաստառի վրայ ներկայացուեցաւ պատանեկան միութեան մասին տեսանիւթ:
Օրուան պատգամաբերն ու կնքահայրն էր Գրիգոր Տունկեան, որ հանդիսութիւնը թէեւ բաւարար եւ խօսուն նկատեց եւ չուզեց շատ բան խօսիլ, սակայն անդրադարձաւ պատանեկան միութեան կարեւորութեան եւ անոնց գործունէութեան հոլովոյթին՝ հաստատելով, որ ներկայ սերունդն է մեր ապագան եւ ջահակիրը գալիք հսկայ աշխատանքներուն, մանաւանդ Սուրիոյ այս ժամանակաշրջանին:
Ապա կնքահայր Գրիգոր Տունկեան ընթերցեց Դաշնակցական պատանիին խոստումը, զոր կրկնեցին բեմին վրայ համախմբուած 150 պատանիները:
Նշենք, որ պատգամաբեր եւ կնքահայր Գրիգոր Տունկեան խօսքի աւարտին պատանիներուն տեղեկացուց, որ այս ուրախ առիթով Ընդհանուր վարիչ մարմինը ամէն մէկ պատանիի կը նուիրէ «Մարզպետը» խորագիրով գիրքը:
Պատանիներու խոստումի արարողութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ հանդիսութիւնը հովանաւորող Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ խոստումը ամէնէն հպարտառիթ զգացումն է՝ կոչ ուղղելով շարունակելու իրենց նախնիներու երթը: Ապա, հանդիսութեան խորագիրը կրող «Կամքի ժառանգորդներ»ուն ըսաւ, որ «դուք այժմ առաքեալներ էք, զինակիցը ձեր ընկերներուն՝ յաւիտեան:
Սուրիոյ պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի Հայ Պատանիի օրուան նուիրուած հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.