ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Դեկտեմբեր 6ին, ոտնագնդակի համաշխարհային աստղ Եուրա Մովսիսեան այցելեց ՀԲԸՄի Փասատինայի Վաչէ Եւ Թամար Մանուկեան վարժարանը: Ճանաչողական բնոյթ ունեցող հանդիպումը կազմակերպուած էր վարժարանի մարզական բաժանմունքի վարիչ Միռնա Պրոնսզեանի կողմէ:
Երիտասարդ ֆութպոլիստը յոտնկայս ծափահարութիւններու, «Եուրա՛, Եուրա՛»ներու եւ ծածանող եռագոյններու ալեկոծումի մէջ մտաւ դպրոցի սրահէն ներս ու ենթակայ եղաւ իր երկրպագու 160 աշակերտներուն հարցումներու տեղատարափին:
Հայ ուսանողութեան ցոյց տուած սաստիկ խանդավառ ընդունելութեան ի պատասխան, Եուրա Մովսիսեան փոխանցեց իր անձնական եւ արհեստավարժ կեանքէն մանրամասնութիւններ ու պատմեց հետաքրքրական փորձառութիւններու մասին: Ան, որպէս մեծ եղբայր՝ բոլորին տուաւ բանիմաց խրատներ՝ թէ՛ դպրոցի եւ թէ ոտնագնդակի մէջ յաջողելու համար:
Հանդիպման վերջաւորութեան, Մովսիսեան բոլոր աշակերտներուն բաժնեց իր ստորագրութիւնները: Ան մակագրեց նաեւ դպրոցին պատկանող յիշատակի ոտնագնդակ մը:
Յիշեցնենք, թէ վարժարանը սկսած է ամէն տարի Հայաստանի մէջ Երեւանի երկրորդական վարժարանի մը ոտնագնդակի խումբին դէմ խաղալու աւանդութիւնը: Աշակերտները իրենց Հայաստան այցելութեան օրերուն ներկայ կը գտնուին նաեւ Հայաստանի Ազգային հաւաքականի խաղերուն:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)