
Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ «Դիմանկար XXI» խորագիրով ցուցահանդէս մը, զոր իրականացուց Վրաստանի հայ նկարիչների միութիւնը՝ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի աջակցութեամբ եւ Վրաստանի նկարիչներու քանի մը միութիւններու համագործակցութեամբ:
Ներկայացուած են հայ եւ վրացի երկու տասնեակէ աւելի նկարիչներու շուրջ 80 գործեր: Ցուցահանդէսին մասնակցած են նաեւ նկարիչ-մանկավարժ Ռոբերտ Ներսէսովի նկարչական դպրոցի սաները:
«Դիմանկար XXI» ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբերի 15ին, տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Վրաստանի հայ նկարիչներու միութեան նախագահ Մերուժան Շահումեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ դիմանկարային արուեստը անուանեց ստեղծագործական բարդ աշխատանք, «որովհետեւ նկարիչը կտաւին վրայ պէտք է վերարտադրի անհատի ներաշխարհը եւ բնաւորութեան գիծերը»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչներուն, որոնց ջանքերով իրականութիւն դարձաւ այս ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսը գնահատուեցաւ բանաստեղծ, թարգմանիչ Գիւի Շահնազարի, նկարիչ-խեցեգործ Լեւոն Օսիպովի, նկարիչ æովաննիի Վեփխուաձենի եւ ուրիշներու կողմէ: Անոնք ընդգծեցին գեղանկարչութեան թիֆլիսեան դպրոցի իւրայատկութիւնը, ցուցահանդէսի իրատեսական դիմանկարային, երեւակայական աշխատանքներու առկայութիւնը:
Ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացման ներկայ գտնուող Վիրահայոց թեմի առաջնորդը եւս բարձր գնահատեց ներկայացուած նկարիչներու երկու-երեք սերնդի ներկայացուցիչներու ցուցադրուած գործերը: Ան ողջունեց այսպիսի ցուցահանդէսներու կազմակերպումը:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 26: