
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Շաբաթ, Նոյեմբեր 16ին, Արամ Խաչատրեանի 110րդ տարեդարձին նուիրուած իւրայատուկ համերգ մը տեղի ունեցած է Ֆրեզնոյի մէջ, կազմակերպութեամբ Չարլի Քէյեան Համագաղութային վարժարանին, Միջազգային մրցանքներ ու փառատօներ կազմակերպութեան ու Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան:
Ֆրեզնոյի «Փօլ Շաղոյեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին, Հայաստանի Սենեկային ազգային նուագախումբը հրամցուցած է Մոցարթէն, Հայտընէն, Կոմիտասէն ու Միրզոյեանէն կտորներ, ինչպէս նաեւ Արամ Խաչատրեանի գործերէն փունջ մը՝ համադրուած Ռուբէն Ալթունեանի կողմէ, որ կը կրէր «Խաչատուրիանա» անունը: