ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ, Քալիֆորնիա.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 15ին, «Ղուկասեան» սրահին մէջ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր եւ Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին Կաղանդի երաժշտական իւրայատուկ յայտագիր մը՝ հրճուանք պատճառելով իրենց ծնողներուն եւ համայնքի անդամներուն:
Աշակերտները, որոնք սրահ մտան «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ, կատարեցին անգլերէն, հայերէն ու նոյնիսկ սպաներէն տօնական երգեր եւ բանաստեղծութիւններ՝ արժանանալով ներկաներու ջերմ ծափահարութեանց:
Տնօրէնուհի Գոհար Զահեր կատարեց ձեռնարկին բացումը՝ բարի գալուստ մաղթելով բոլորին ու խօսելով Ս. Ծնունդին առնչուող աւանդութեանց մասին, իսկ բացման աղօթքը կատարեց Գարեգին քհնյ. Պետուրեան:
Ապա երաժշտական գործիքներու դասարանը ջութակով կատարեց Ծննդեան երկու եղանակներ, որոնցմէ ետք տօնական տարազներ հագած աշակերտները, դասարան առ դասարան, ելոյթներ ունեցան:
Աւարտին, Կաղանդ Պապան ժամանեց սրահ՝ խանդավառութիւնը հասցնելով գագաթնակէտին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.