ԵՐԵՒԱՆ.– «Սահմանադրական դատարանը դեռ ուսումնասիրում է Կուտակային կենսաթոշակների մասին օրէնքը հակասահմանադրական ճանաչելու դիմումը»: Այս հաստատումը կատարած է Սահմանադրական դատարանի խօսնակ Յովհաննէս Պապիկեան՝ «Ա1+»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ դիտել տալով, որ նիստին օրը եւս չէ ճշդուած։
«Դիմումը ուսումնասիրութիւնների փուլում է, եւ դրա համար ունենք 30 օրեայ ժամկէտ», նշած է Պապիկեան:
Իսկ արդեօք օրէնքը 1 Յունուար 2014էն ուժի մէջ պիտի մտնէ՞, նկատի ունենալով, որ օրէնքի որոշ դրոյթներ հակասահմանադրական նկատելու համար դիմում ներկայացուած է Սահմանադրական դատարան հարցումին ի պատասխան՝ Յ. Պապիկեան նշած է, որ դատարան դիմողները իրաւունք ունին միջնորդութիւն ներկայացնելու՝ մինչեւ քննութեան աւարտը օրէնքը ուժի մէջ չմտնելու համար:
Միւս կողմէ, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Ա1+»ին յայտնած է, որ իրենք միջնորդութիւն ներկայացուցած են:
Այս կը նշանակէ, որ 1 Յունուարէն «Կուտակային կենսաթոշակներ»ու մասին Հայաստանի օրէնքը ուժի մէջ պիտի չմտնէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.