
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին, Կլենտէյլի «Ինփրեշընզ» սրահին մէջ կայացաւ Ամերիկահայ բժշկական ըներակցութեան Ծննդեան տարեկան տօնակատարութիւնը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ կրթանպաստներու յանձնումի արարողութիւնը:
Աւելի քան 250 հոգու մասնակցութեամբ կայացած ձեռնարկին ընթացքին մարզական վնասուածքներու մասին յակիրճ դասախօսութիւն մը ներկայացուցին ընկերակցութեան անդամ բժիշկներ Վահան Սեփքինեանն ու Մայքըլ Ապտուլեանը:
Նաեւ, 2013-2014 կրթական տարեշրջանին համար, հազարական տոլարի կրթանպաստներ տրամադրուեցան 10 ուսանողներու, որոնց շարքին են՝ Բաբգէն Ասատրեան, Ռուբինա Աթմաճեան, Սոնա Պէքմէզեան, Արթին Գալուստեան, Տանա Մալճեան եւ Լաուրա Փաթաքֆալվի: Արաբօ Աղազարեան եւ Ճենիֆըր էն Խոշաֆեան ստացան Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան տիկնանց օժանդակ մարմինի կրթանպաստները, Վարդան Թաշճեանը՝ տոքթ. Նորիկ Պօղոսեանի յիշատակին հաստատուած կրթանպաստը, իսկ Արա Ռոստոմեանը՝ Ազնիւ Քալենեանի եւ Կարօ Պարտաքճեանի յիշատակին հաստատուած կրթանպաստը:
Նաեւ, ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցաւ ընկերակցութեան նոր վարչութիւնը, որ ընտրուած էր Հոկտեմբեր 23ին կայացած Ընդհանուր ժողովին ընթացքին: Նոր վարչութեան անդամներն են՝ տոքթ. Սարինէ Մելիտոնեան (ատենապետ), տոքթ. Մանուէլ Մոմճեան (փոխատենապետ), տոքթ. Արմոնտ Քոթիքեան (քարտուղար), դոկտ. Սիլվա Գասպարեան (գանձապահ), տոքթ. Էվլին Պաղտասարեան-Պարխուտարեան (խորհրդատու), տոքթ. Վիգէն Սեֆիլեան (անդամակցութեան պատասխանատու), տոքթ. Հերի Պալեան (խորհրդատու), դոկտ. Ալեքս Ճաուհարեան (խորհրդատու) եւ տոքթ. Ռաֆֆի Թաշճեան (խորհրդատու):
Ընկերակցութեան եւ անոր գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aamsc.com կայքը: