ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի Սուրբ Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան 72րդ տարեդարձին առիթով, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Կիրակի, Դեկտեմբեր 15ին Ս. պատարագ մատոյց, քարոզեց եւ Հայրապետական կոնդակներու ընթերցումով Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով պարգեւատրեց ծուխէն ներս երկար տարիներու անձնուէր ծառայութիւն մատուցող Ստեֆընի Կոշտիկեանը, Գրիգոր սրկ. Ագարակեանը եւ Դանիէլ սրկ. Ագարակեանը:
Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ կանգնած է Յիշատակութեան հիմնադրամի յուշարձանը, որուն վրայ արձանագրուած են նուիրատուութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերած եւ այժմ հանգուցեալ հաւատացեալներուն անունները: Անոնց հոգիներուն համար, սրբազանին հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կատարուեցաւ: Ծուխի հոգեւոր հովիւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան ընթերցեց աւելի քան հարիւր ննջեցեալներու անունները, որոնք միշտ կը յիշուին եկեղեցւոյն մատուցած իրենց ծառայութիւններուն համար: Առաջնորդը աղօթեց անոնց եւ ծուխի հանգուցեալ հոգեւոր հովիւներու հոգիներուն համար:
Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ «Ճան Կոկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը: Օրուան հանդիսավար Պապ Պարսամ բարի գալուստ մաղթեց սրբազանին եւ հիւրերուն, ապա ներկայացուց տաղանդաւոր երգչուհի եւ եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավար Մաննիկ Մանուկեանը, որ սքանչելի կերպով կատարեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի հիմները: Ապա եկեղեցւոյ դպրոցի աշակերտները կատարեցին Հաւատարմութեան ուխտը, իսկ սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:
Ծխական խորհուրդի ատենապետ Լիլի Պալեան եւս բարի գալուստ մաղթեց բոլոր հիւրերուն եւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անցնող եօթը տասնամեակներուն ընթացքին ծուխին արձանագրած աճին եւ արձանագրած յիշատակելի յաջողութիւններուն:
Գեղարուեստական յայտագիրին բացումը կատարեցին եկեղեցւոյ դպրոցի աշակերտները, որոնք ներկայացուցին հայկական պարեր եւ «Երեւան-Էրեբունի» երգին հրաշալի կատարումը՝ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Քեթի Թերզեանի: Սրբազանը արծաթեայ փոքրիկ խաչ նուիրեց իւրաքանչիւր աշակերտի:
Ճաշի ընթացքին հիւրերը դիտեցին տեսաերիզ մը, որ պատրաստուած էր տիկնանց միութեան կեդրոնական խորհուրդի ատենապետ Կլատիս Սարոյեանի կողմէ, ուր ցոյց կը տրուէր տարուան ընթացքին գործադրուած եկեղեցւոյ ձեռնարկներէն հատուածներ:
Նաեւ, հայերէն եւ անգլերէն երգերով հանդէս եկան Մաննիկ Մանուկեան եւ Ռաֆֆի Քերպապեան, որոնք «Լա Թրավիաթա» օփերայէն հատուած մը ներկայացուցին: Դաշնամուրով իրենց կ՛ընկերանար Գայիանէ Ասատրեան:
Ապա առաջնորդը «Հայ Ոգի» շքանշանով պարգեւատրեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծուխէն ներս երկարամեայ եւ հաւատարիմ ծառայութիւն մատուցող տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Արուսեակ Անթապեանները, Էն Միլզը եւ Շահէ Ատուրեանը: Սրբազանը իւրաքանչիւրին յանձնեց յատուկ վկայագիր մը: Ան նաեւ խաչեր նուիրեց Մաննիկ Մանուկեանին եւ բարերարուհի Ճին Պարսամին՝ առ ի գնահատանք եւ շնորհակալութիւն իրենց շարունակական ծառայութեանց:
Փակման խօսք կատարեց Յարութիւն քհնյ. Թաշճեանը, որ շնորհաւորեց օրուան բոլոր մեծարեալները, իսկ փակման աղօթքն ու ցտեսութեան խօսքը կատարեց առաջնորդը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.