ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Մօտ երկու ամիսէ ի վեր անազատութեան մէջ գտնուող «Ցեղակրօն» կուսակցութեան առաջնորդ Շանթ Յարութիւնեան 24 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 20:00էն (Երեւանի ժամանակացոյցով) հացադուլի սկսած է:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Յարութիւնեանի կինը՝ Ռուզան Բադալեան դիտել տուած է, որ Շանթ Յարութիւնեան հացադուլի միջոցով իր բողոքը կ՛արտայայտէ այն իրողութեան դէմ, որ նախորդ ամբողջ ժամանակաշրջանին իշխանութիւնները չեն արտօնած, ներկայիս ալ չեն արտօներ, որ իր ընտանիքի անդամները տեսակցին կամ հեռաձայնով խօսին Շանթին հետ։
«Դեկտեմբերի 18ին Շանթ Յարութիւնեանը դիմել էր քննիչին՝ տեսակցութիւնների արգելանքը վերացնելու նպատակով, սակայն մերժուեց: Եւ ինքը ասել էր, որ եթէ արգելանքը չվերացուի, ինքը կը դիմի հացադուլի», յայտնած է Բադալեան՝ շարունակելով. «Շանթի եւ իր ընկերների նկատմամբ քաղաքական հետապնդում է իրականացւում: Այլապէս արգելանքները չէին լինի: Սովետական մեթոդներն են այստեղ գործում. այն ժամանակ էլ այդպէս էին վարւում քաղբանտարկեալների հետ»:
Ռուզան Բադալեան աւելցուցած է, թէ դիմած են միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, նաեւ՝ «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ»ին, «Ֆրիտըմ Հաուս»ին՝ տեղեկացնելով, որ Շանթ Յարութիւնեանի հետ տեսակցութիւնները արգիլուած են։
Քրէակատարողական ծառայութեան հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Գոռ Ղլեչեան եւս հաստատած է, որ Շանթ Յարութիւնեան հացադուլի սկսած է:
Տեսակցութիւններու արգելքին վերաբերող «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան՝ Ոստիկանութեան լրատուական ծառայութենէն յայտնած են. «Քրէական գործի նախաքննութեան շահերից ելնելով, այն է՝ գործով օբյեկտիւ ճշմարտութեան բացայայտումը, նախնական քննութեան գաղտնիութիւնը ապահովելու, քրէական գործի համար նշանակութիւն ունեցող տուեալների արտահոսքը կանխելու նպատակով, ղեկավարուելով Հայաստանի քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի 55րդ յօդուածով, 137րդ յօդուածի 3րդ մասով, «Ձերբակալուած եւ կալանաւորուած անձանց պահելու մասին» Հայաստանի օրէնքով, կալանքի տակ գտնուող 14 մեղադրեալների տեսակցութիւնը մերձաւոր ազգականների, ԶԼՄների ներկայացուցիչների եւ այլ անձանց հետ արգելուել է: Իսկ տեսակցութեան արգելքի տեւողութիւնը որոշում է վարոյթն իրականացնող մարմինը՝ քրէական գործի նախաքննութեան անհրաժեշտութիւնից ելնելով»:
Ընդդիմադիր եւ իրաւապաշտպան բազմաթիւ գործիչներ հանդէս եկած էին յայտարարութիւններով՝ ընդգծելով, որ խորքին մէջ Շանթ Յարութիւնեանի դէմ գործադրուած է քաղաքական հետապնդում եւ «Ցեղակրօն» կուսակցութեան առաջնորդը քաղաքական բանտարկեալ է:
Իրաւապաշտպան Վարդան Յարութիւնեան ըսած է, թէ իշխանութիւններուն արարքները կը յիշեցնեն Խորհրդային Միութիւնը:
«Շատ ծանօթ բան է: Հոգեբուժարանները յատկապէս, որ սկսեցին յաճախ երեւալ վերջին այս տարուայ ընթացքում մամուլում, մեր հանրութեան ուշադրութեան կենտրոնում: Հոգեբուժարանը՝ բժշկական հաստատութիւնը, նորից սովետական տարիների ոգուն համահունչ սկսեց դիտարկուել որպէս մարդու վրայ ճնշման մեխանիզմ… Կամայական ձերբակալութիւնները, ցանկացած միջոցառման ժամանակ ոստիկանների ճչացող, երեւացող, արհեստական սարքուած թուաշատութիւնը, ձերբակալումները, կալանաւորումները, մարդկանց ոստիկանական բաժիններում անհիմն երկար պահելը… Այդ ամէն ինչը շատ յիշեցնում է մեր տխուր անցեալը: Եւ ցաւալի է, որ մենք այսօր խօսում ենք այդ մասին», յայտնած է իրաւապաշտպանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.