ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀԻ հարցերով յանձնախումբի ատենապետ Լէոնիտ Սլուցքի Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27ին յայտարարեց, թէ անլոյծ մնացող Արցախի տագնապը արգելք մը չէ Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան անդամակցութեան՝ պատասխանելով «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութեան մէկ լրագրողի հարցումին:
Սլուցքի աւելցուցած է, թէ անդամակցութեան գործընթացը հետապնդող կողմերը բնականաբար նկատի պիտի առնեն Արցախի տագնապը, եւ նշած է, թէ կողմերը արգելք մը չեն համարեր այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի եւ Մաքսային միութեան անդամ երկիրները միացեալ սահմաններ չունին՝ աւելցնելով, թէ պարագան նոյնն էր նաեւ Յունաստանի, որ Պուլկարիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութենէն առաջ միացեալ սահման չունէր Եւրոմիութեան հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.