Գիտաժողով՝ Իսլամաց(ու)ած Հայերու Մասին (Պոլիս, Վոսփոր – Պողազիչի Համալսարան)
Նոյեմբերի առաջին օրերուն, Պոլսոյ, տեղի ունեցաւ ակադեմական բնոյթի միջազգային գիտաժողով մը՝ «Իսլամաց(ու)ած հայերու մասին», մասնակցութեամբ բազմատասնեակ զեկուցողներու եւ ներկայութեամբ՝ հարիւրաւոր ունկընդիր-հետեւողներու, եւ որ նաեւ սփռուեցաւ համացանցով:
Աթէնք բնակող Յարութիւն Քիւրքճեան, իբրեւ մշակութային դիտորդ Պոլիս մեկնած եւ հետեւած ըլլալով գիտաժողովին, կը պատասխանէ «Ազատ Օր»ի հարցումներուն, փորձելով պարզաբանել՝ անհատական թէ հաւաքական պատկերացումներ խախտող այս նոր երեւոյթը…
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Կրնա՞ք յստակացնել, թէ՝ գիտաժողովը ինչպիսի՞ նախաձեռնութիւն էր:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- «Իսլամաց(ու)ած հայերու մասին» գիտաժողովը նախաձեռնութիւնն էր «Հրանդ Տինք» հիմնարկին, գործակցաբար Վոսփորի («Պողազիչի») համալսարանի եւ Մալաթիահայոց միութեան (այս վերջինը՝ Թուրքիոյ հայութեան նոր կամ նորազարթ հայրենակցական միութիւններէն մէկն է): Կը վայելէր հովանաւորութիւնը նաեւ այլ կազմակերպութիւններու՝ միջազգային կարեւոր «ոչ-կառավարական»ներու: Տեւեց Շաբաթ 2 Նոյեմբերի առաւօտէն մինչեւ Երկուշաբթի 4 Նոյեմբերի երեկոն, յանգելու համար եզրափակիչ Կլոր սեղանի մը եւ Ֆորումի մը: Ասոնք աւելի եւս յստակացուցին ձեռնարկին միտումները, ուղղութիւնները:
Ճշդեմ, որ գիտաժողովի տիտղոսին փակագծեալ ու-ով ձեւը՝ «իսլամաց(ու)ած», կազմակերպիչներո՛ւն բնորոշումն էր՝ պաշտօնական յայտագիրի կողքին վրայ:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ինչպէ՞ս կրնաք սահմանել այդ միտումները:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Ասոնք արդէն ծանօթ էին, եւ յստակ բանաձեւուեցան կրկին Շաբաթ առտուան բացումին: Յանուն հիմնարկին խօսող Ռաքէլ Տինքը, ապա հիւրընկալ համալսարանի նախագահուհին, ինչպէս եւ գլխաւոր հովանաւոր «Մալաթիայայտէր»ի նախագահը կամ հիմնարկի մէկ ուրիշ վարող դէմք ակադեմական Այշէ Կիւլ Ալթընայը,- միահամուռ կեդրոնացան մէկ հաստատումի եւ վճիռի շուրջ. թէ՝ «այս երեք օրերուն պիտի ըսուին ամբողջ դար մը Թուրքիոյ տարածքին գիտցուած, բայց կամաւոր անգիտացուած ճշմարտութիւններ. իրենց փսփսուքները պիտի բարձրաձայնեն «սուրի մնացորդներ»ը (արհամարհական բնորոշում, որ դեռ մինչեւ հիմա՝ դահիճ ու մեղսակից սերունդներ, Թուրքիոյ խոր ծալքերուն մէջ, կը գործածեն վերապրող այս զանգուածին համար):
Համալսարանի նախագահուհին յատկապէս, իր կողմէ, կը շեշտէր, որ «հպարտութեամբ կը հիւրընկալէ» խորհրդաժողովը. եւ որ այս դարձակէտէն ետք «ա՛լ ոչինչ առաջուան պէս կրնայ ըլլալ». որ՝ ձեռնարկը՝ միանգամայն՝ պիտի նպաստէ Թուրքիոյ մէջ հոգեմտաւոր գրաքննութեան վերացման:
Այշէ Կիւլ Ալթընային, Ռ. Տինքին պէս, աւելի անմիջականօրէն կը յուզէր բուն ցեղասպանութեան թեման: Յիշելով Ֆ. Չեթինի գլորած առաջին քարը՝ «Մեծ Մայրս» գործը, ան խորհրդաժողովի նիւթը կը սահմանէր ուղղակի հարցադրումներով, թէ՝ ինչո՛ւ իսլամացան մեծ թիւով հայեր, որոնց այսօր «միլիոններով կը հանդիպինք Թուրքիոյ ազգաբնակչութեան մէջ»: Այլ խօսքով՝ թէ ի՛նչ պատահեցաւ 1915ին…
Ուրեմն՝ նախ քօղազերծել Հայոց Ցեղասպանութեան այժմէական, դեռ շարունակուող երեսը, ինչ որ շատ կարեւոր է՝ նոյնինքն Ցեղասպանութեան այժմէութեան տեսակէտէն. ապա՝ այդ վերահաստատումով եւ իրերալրացման կարգով, Թուրքիոյ մէջ յիշողութիւններու եւ խիղճերու ընդհանրական արթնացումով, արագացնել երկիրի ժողովրդավարացման դանդաղ, դեռ յաճախ վտանգուող ընթացքը:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Եւ գիտաժողովին բովանդակութիւնը՞: Համապատասխա՞ն էր առաջադրանքներուն կամ ձեր ակնկալութիւններուն…
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Գիտէ՞ք, նախ ըսեմ, որ ինծի դժուար կ՛ըլլայ խօսիլ «ակնկալութիւններուս» մասին, թերեւս ալ՝ ոչ շատ պարկեշտ: Այնքան նոր է այս հիմնահարցը բոլորի՛ս համար… Ուրեմն դիւրին չէ յստակ գնահատել անոր ընթացքը, նաեւ այս ձեռնարկին նպաստը: Հարկ է չաճապարել, դիտել եւ հետեւիլ: Եւ մանաւանդ անդրադառնալ, որ մեզմէ ոեւէ մէկը իրաւունքը չունի վճիռներ արձակելու հայ ինքնութեան մասին, «յանուն հայութեան»…
Իսկ բովանդակութիւնը՞: Յայտագիրին պարզ ակնարկով մը՝ կը նկատուէր արդէն, որ անոր եռօրեայ ծանրաբեռն բովանդակութիւնը պիտի ընթանար բծախնդիր կարգով, արհեստավարժ գիտաժողովներու ոճով ներառեալ թրքերէն անգլերէն երկկողմ անմիջական թարգմանութիւններու համակարգը: Բացման ողջոյններէն ետք, «Ներածական Զրոյց»է մը ետք, Շաբաթէն Երկուշաբթի, յաջորդական ութ նիստեր քննութեան պիտի առնէին լաւ դասաւորուած հարցեր. թէ՝ ի՛նչ հասկնալ իսլամացումով. թէ՝ Օսմանեան հին ու նոր պատմութեան մէջ, ապա յատկապէս՝ 1915-1918 տարիներուն ի՛նչ ձեւերով ու կարգով ընթացած է բռնի իսլամացումը (ե՛ւ վերլուծումներ, ե՛ւ վկայութիւններ). թէ՝ այսօր ի՛նչ վերապրուկներ, հաւաքական յիշողութեան ի՛նչ տարրեր (բարքեր, ժողովրդական արուեստներ…) կը դիտուին, կը հետազօտուին զանազան վայրերու վերապրողներու մէջ (յատկապէս Սասուն, Պոնտոս, Տէրսիմ, Ծոփք…). նոյնը եւ՝ ալեւի եւ քիւրտ միջավայրերու եւ յիշողութիւններու մէջ: Ապա՝ թէ հոգեբանական ի՛նչ դիտարկումներու առիթ կու տան իսլամացուածներու երկակի, անկայուն ինքնութիւնը, ասոր առթած լարումն ու տառապանքը:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ուրեմն կրնանք ըսել, որ իբրեւ բովանդակութիւն՝ ձեռնարկը հասաւ իր նպատակին:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Առհասարակ՝ այդպէս է, ոչ թէ մեր՝ «դուրսէն դիտող»ներուս գնահատումով, այլեւ ըստ կազմակերպիչներուն, անոնց հետ օրը օրին անձնական շփումներու վրայ հիմնուած: Նախ՝ իսլամացուած հայերու թեմային էական ուղեկից եւ անոր համագիրը կազմող ցեղասպանութեան եզրը երեք օրերու ընթացքին գործածուեցաւ ու շեշտուեցաւ հարիւրաւոր անգամներ: Բայց՝ ձեռնարկը միանգամայն ներկայացաւ իբր ապրող յուշարձան մը՝ ճանչցուած կամ չճանչցուած բազմահազար առեւանգեալներու յիշատակին, մեծ մասամբ կիներ ու աղջիկներ ներկաներու մէկ կարեւոր մասին մեծ մայրերը: Նուիրուած՝ անոնց ապրած առանձնութեան, անձկութեան, նաեւ ամօթին՝ զոհի ամօթին, անարդար բայց իրական (յատկապէս՝ երբ հարց դրուեր է անոնց վերադառնալու, կամ աւելի ուշ՝ արտասահմանի հարազատներու հետ շփման գալու) անոնց «ցկեանս նահատակութեան»: Արծարծուեցան դեռ՝ այս ընտանիք-գերդաստաններու ներկայի յաճախակի երկփեղկումը, պառակտումը «այդ մասին» խօսելու եւ չխօսելու միջեւ…
Անշուշտ միշտ կարելի է առաւել-նուազ «անտեսուած» թեմաներ գտնել նման ձեռնարկի մը մէջ: Այսպէս՝ եթէ նշուեցան տարագրուող-սպաննուող հայ ազգաբնակչութեան սեփականութեան աւարումը, բաշխումը, նաեւ որոշ անձերու ու խաւի մօտ անոր կեդրոնացումը,- այսուհանդերձ տնտեսական գործօնը ունեցաւ միայն պարագայական յիշատակումներ. չտարուեցաւ ընդհանրացումի: Նոյնը՝ քաղաքական գործօնի մասին Օսմանեան Թուրքիոյ արեւելեան հայաբնակ նահանգներու կացութիւնը՝ իբր դժգոհութիւններու աղբիւր եւ հետեւող յարաճուն հալածանքներու առիթ, որ նոյնպէս յիշատակուեցաւ միայն պարագայաբար, անուղղակի: Նոյնը դեռ՝ հալածանքներու եւ յատկապէս ցեղասպանական ձեռնարկին քրտական մասնակցութեան մասին, որ մնաց կողմնակի յիշատակման առարկայ՝ առանց լրիւ ծածկուելու:
Բայց գիտաժողովին՝ քօղազերծումներու յանդգնութիւնը չէ որ կը պակսէր. ու նշուած այս սահմանափակումը թերեւս կը բխէր՝ աւելի՝ թեմայի հրամայականներէն, նիւթին վրայ կեդրոնացումի կարիքէն:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ուրիշ ըսելիքներ ունի՞ք եզրակացութիւններուն մասին:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Յայտագրային մէկ կարեւոր եզրակացութիւնը այն եղաւ, Ֆեթհիյէ Չէթինի բերնով, որ այս խորհրդաժողովի ստեղծած կամ ուժգնացուցած շարժումը պէտք է առաջ տարուի միահամուռ ճիգերով յօգուտ ե՛ւ դարով ինքնութենէ զրկուած «իսլամ-հայ» կամ «ծածուկ-հայ» զանգուածին, ե՛ւ ընդհանրապէս յօգուտ Թուրքիոյ բազմազգ հասարակութեան:
Եզրակացութենէն բխող պատգամ մըն ալ՝ ա՛յն, որ ճշմարտութեան բացայայտումը ի վերջոյ զօրացուցիչ է միշտ: Փաստ՝ որ օր-օրի «հայ ծագումով» անհատներ եւ խումբեր աւելի ու աւելի կը քաջալերուին բացայայտելու եւ ստանձնելու իրենց ինքնութիւնը:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ունկնդիրներէն՝ մասնակցութիւն կամ հակազդեցութիւննե՞ր:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Բոլոր նիստերուն ուշադիր հետեւեցան բազմահարիւր ունկնդիրներ, կարեւոր թիւ մըն ալ՝ համալսարանի տուեալ սրահէն դուրս, շէնքի մուտքի բացօթեայ պաստառին, նաեւ ուրիշ սրահներու պաստառներուն վրայ:
Բայց, բացի ունկնդիր հանրութեան՝ նիստերուն արձագանգումէն, մանաւանդ զոյգ փակ «Աշխատանոց»ներու նիւթ «հոգեբանական» թեման, ապա «Կրօնք եւ ինքնութիւն» կլոր-սեղանով բազմաձայն վերլուծումը եւ եզրափակիչ «Թոռներ» ֆորում-զրոյցն էին յատկապէս՝ որոնք աւելի եւս արծարծեցին մասնակցութիւնը ունկնդիր զանգուածին, յայտնաբերելով անոնց մէջ կարեւոր ներկայութիւնը երէկի «ծածուկ հայ»երու, կամ «Թոռներ»ու:
Ուրիշ խօսքով, բոլոր մեր լսած դրսեւորումները դրական էին, մասնակցութիւններ՝ բոլորն ալ: Երեւի, «տարբեր» մտածողներ այս պարագային նախընտրած էին մութի մէջ մնալ. ժողովրդավար կամքով բռնկած, լուսամիտ մարդոց հաւաք մը յայտնօրէն իրենց վայրը չէր…
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Յատուկ մատնանշելի ուրիշ երեւոյթնե՞ր…
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Զեկոյցներու մասին հոս կարելի չէ մանրամասնել… Բայց յատուկ նշումի արժանի էին անոնցմէ մի քանին: Թրքուհի Այշէ Կիւլ Ալթընայի եւ լիբանա-գերմանահայ Վահէ Թաշճեանի զեկոյցները իսլամացման հարցը կը քննէին ազգային աւանդական արժէքներու եւ սեռային տարբերութեան տեսանկիւնէն. նկատի առած իսլամացուածներու մեծ մասի՝ կին-աղջիկներու «ապամարդկայնացում»ը, անտեսումը՝ ոչ միայն յափշտակողներուն, այլեւ շատ յաճախ՝ անոնց վերադարձին հանդէպ մերժողական կամ վերապահ դիրք բռնող հայ համայնքին կողմէ: Կամ՝ Աւետիս Հաճեանի զեկոյցին շեշտումները, թէ՝ նորածագ այս հայ համրանքը առհասարակ զուրկ է յղումի արժէքներէ, կառոյցներէ. թէ՝ հայկական Սփիւռքը, իր կարգին, իր մտակառոյցներով անատակ կ՛երեւի զայն ընկալելու, հատուցում ու դարման բերելու անոր դարաւոր տառապանքին. անատակ՝ ընդհանրապէս հայ ինքնութիւնը վերասահմանելու ճիգի մը: Նոյն հիմնական գիծերէն կ՛ընթանար Իշխան Չիֆթճեանի զեկոյցը, որ՝ բացի իր խիտ բովանդակութենէն, ամպիոնէն հնչեց կուռ արեւմտահայերէնով մը («Կ՛ողջունեմ ձեզ արեւմտահայերէնով, այն լեզուով, որ այս քաղաքին մէջ իր ծնունդն ու բարձր զարգացումները ապրած է»): Յաւելեալ մխիթարանք մը:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Միւս զեկոյցները՞:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Անոնք մեծ մասամբ թրքերէն կամ անգլերէն էին, ինչպէս ըսի՝ երկկողմ անմիջական թարգմանութեան համակարգով: Մի քանին՝ նաեւ՝ արեւելահայերէն, որոնք անշուշտ ունեցան թրքերէնի եւ անգլերէնի թարգմանութիւն…
Զեկոյցներէն՝ դեռ այլապէս շահեկան էին Համշէնի, Տէրսիմի եւ Սասուն-Մուշի շրջաններուն մէջ վերապրող իսլամացուած հայ համայնքներու կամ սոսկական խումբերու նուիրուած զեկոյցները՝ հայրենի մասնագէտ-մտաւորականներէ, ինչպէս Սերգէյ Վարդանեան, Հրանոյշ Խառատեան: Կամ արեւմտա-եւրոպացի երիտասարդ գիտա-հետազօտողներէ, որոնք երբեմն, ինչպէս լրիւ «օտար» երկու երիտասարդուհիներ, անհաւատալի յանդգնութեամբ պեղած էին Սասունի, Տէրսիմի կամ Ծոփաց աշխարհի գիւղերը, բնակիչներու բարքերն ու ներաշխարհը, մղուած՝ գիտական ու մարդկային խոր հետաքրքրութենէ մը, որ զիրենք «հայէ աւելի հայ» դարձուցեր էր փաստօրէն…:
Նոյնը պէտք է ըսել շարք մը տեղացիներու մասին՝ քիւրտ թէ թուրք (այս վերջինները՝ յաճախ ալեւի դաւանանքի), որոնք գաղափարական-մարդկային իրենց համոզումներուն ու պայքարին համար՝ դաշտ ընտրած էին 1915ի մեծ Ոճիրի բացայայտման եւ անոր ապրող իրաւազրկեալներու այս կամ այն ձեւով հատուցման գործը:
Դեռ՝ մեծապէս շահեկան էին հանրածանօթ ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամի հմտաբան զեկոյցը, ամերիկահայ երիտասարդ գիտահետազօտող Մելքոնեան քոյրերու վաւերագրական զեկոյցները…: Բայց կարծեմ հոս պէտք է կանգ առնեմ, անտեսելով մնացեալ նիւթերը, յաճախ այլապէս նոյնքան կարեւոր…
«ԱԶԱՏ ՕՐ»._ Այս կարեւորութեամբ գիտաժողով մը ի՞նչ արձագանգ գտաւ մամուլի մէջ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Հարցումը շատ տեղին է: Նախ «Ակօս»ը, որ շատ տարածուած, կարդացուող շաբաթաթերթ է,- իր թրքերէն հրատարակութեամբ, գագաթնային սպառում մը ունեցաւ գիտաժողովին նուիրուած թիւով. ի վերջոյ՝ թիւը ամբողջութեամբ դրուեցաւ համացանցի ազատ էջի վրայ: Լաւ անդրադարձան նաեւ լուրջ, յառաջդիմական թերթեր, նաեւ քրտամէտ կամ այլ փոքրամասնական հակումներով թերթեր. առանց մոռնալու նաեւ՝ հեռատեսիլի կայաններէն CNN-Turk-ը:
Բայց այս բոլորը, ներառեալ «Ակօս»ը, չենք մոռնար, կ՛ուղղուի՛ն որոշ մշակեալ խաւի մը՝ 70-75 միլիոն հաշուող երկրի մը մէջ, ուր խաւար զանգուածները կը գերակշռեն գոնէ համրանքով: Եւ ճի՛շդ՝ լայն տարածքով թրքական մամուլի-հաղորդամիջոցներու արձագանգն է, որ եղած է սահմանափակ: Յստակ ու հասկնալի ճիգ գործադրուած է՝ իրադարձութիւնը ակադեմական միջավայրի մէջ «խեղդելու»: Ընդհակառակը, արեւմտեան մետիաներ, նաեւ մեծ դեսպանատուներ, մօտէն հետեւած են լրագրողներով ու դիտորդներով:
Տեղի հայ աւանդական մամուլը ցուցաբերեց նոյն անհաւասարութիւնը: Մինչ «Մարմարա»ն լայն տեղ կը տրամադրէր, առարկայական լրատուութեան կոչումի մը գոնէ հաւատարիմ, համայնքին միւս օրաթերթը հազիւ «կը զիջէր» վերջին էջին տակը վերջին անկիւն մը տրամադրելու իրադարձութեան…
Առիթէն կ՛ուզեմ օգտուիլ՝ նշելու համար, որ նոյնպիսի խառն պատկերով կը ներկայանայ Սփիւռքի մեր մամուլը: Տեղ-տեղ յստակ կ՛երեւի որոշ միտում՝ իրադարձութիւնը եւ հիմնահարցը քօղարկելու, լռութեամբ շրջանցելու: Կը նախընտրեմ ենթադրութիւններով չբացատրել… Բայց կը կարծեմ, որ այսպիսի անհեթեթ «զգուշաւորութիւն» անարդարանալի է…): Լաւ է «Ազատ Կարծիք»ի սիւնակներ բանալը, արտատպումներ ընելը, անհատական ստորագրութեամբ անդրադարձներու տեղ տալը… Բայց պայմանաւ որ չանտեսուի նաեւ պատշաճ ծաւալով լրատուութիւնը, որ մամուլի տարրական պարտքն է:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Չունի՞ք նշելիք աւելի ուրախացնող երեւոյթներ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Անշուշտ, եւ ձեր դիտողութիւնը տեղին էր. պէտք չէ կառչած մնալ ժխտական երեսներու: Բարեբախտաբար՝ հասանք այցելելու համայնքի մամուլի հաստատութիւններէն՝ «Մարմարա» եւ «Ակօս» եւ հաճելի, նաեւ ուսանելի զրոյց ունենալ խմբագիրներուն հետ, մէկ մասով՝ հին բարեկամ: Բայց մանաւանդ՝ այցելեցինք համայնքի վարժարաններէն մի քանին:
Անցեալին կրթական գործով ես եղած եմ Պոլիս՝ Ուսուցչաց հիմնարկին մօտ, այցելած՝ վարժարաններ: Բայց այս անգամ մինակ չէի: Հետս էր կեանքի եւ ասպարէզի ընկերակիցս: Ուրեմն, մանաւանդ իրեն՝ Մարոյին համար, առաջին հանդիպումներու հաճելի անակնկալն էր: Հաղորդուեցանք երեք դպրոցներու՝ Կեդրոնականի, Մխիթարեանի եւ Ս. Խաչ «դպրեվանք»ի մթոլորտին հետ, ուրախացանք հաստատելով համատարած խնամքը, մանկավարժական բծախնդիր մօտեցումները:
Անշուշտ, այս դպրոցներէն երեքի՛ն մէջ ալ, սրտցաւ զրոյցի ընթացքին, պատասխանատուները չծածկեցին տեղի կրթական գործին դիմագրաւած առարկայական դժուարութիւնները նոյնիսկ եթէ երկիրի քաղաքա-մշակութային վիճակը աւելի թոյլատու է այսօր, համեմատած անցեալին: Դժուարութիւնները հիմա մեծ մասամբ այնպիսիներ են, որոնք կը դիմագրաւեն նաեւ Սփիւռքի գաղութները: Այլ հարց՝ որոշ մարզերու մէջ իրե՛նք քիչ մը աւելի կազմակերպուած կ՛երեւին ու նախատեսող, ինչպէս՝ ուսուցիչներու պատրաստութեան հեռանկարային աշխատանքը: Բայց ասիկա անջատ նիւթ է, եւ ծաւալուն: Ձգե՛նք:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Եւ վերջին հարց մը. մենք՝ Սփիւռքի հայերս, այս գիտաժողովէն ի՞նչ պատգամ կրնանք ստանալ: Ի՞նչ կրնայ ըլլալ, կամ պէտք է ըլլայ մեր դիրքը, մեր պարտականութիւնը՝ իբր ամբողջական հայութեան մէկ մասնիկը:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Ճիշդ է՝ կ՛ըսէի, որ պէտք չէ կառչած մնալ ժխտական փաստերու, ինչպիսին են տեղեկատուութեան պարտքէ խուսափումը, զայն ծնող անտարբերութիւնը, կամ նախապաշարումը, «նորութենէ» վախն ու խրտչումը: Բայց պէ՛տք է հետապնդել այս թերիներուն ու ախտերուն սրբագրումը. ջանալ, որ հաւաքականօրէն գանք գիտակցութեան, անդրադառնանք այս հիմնահարցի իսկական տարողութեան, եւ ուրոյն տեղ տանք անոր՝ մեր իրականութեան մէջ…
Լաւագոյն տարազը, կարծեմ, Իշխան Չիֆթճեանի զեկոյցի եզրակացութենէն է որ կրնամ փոխ առնել: Ծանրանալէ ետք ցեղասպանութեան՝ «ինքնութիւն ջնջող», սոսկ ֆիզիքական վերապրում արտօնող ոճիրի հանգամանքին, շեշտելէ ետք վերապրող այդ զոհերուն կրած այլապէս խո՛ր իրաւազրկումը, էազրկումը, ան կը շեշտէր. «Լաւագոյնը այն պիտի ըլլար, որ իսլամ հայեր իրենք զիրենք հաստատէին, որուն կարելիութիւնը ունին այսօր բարեբախտաբար, եւ մենք ալ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերս, իրենց քայլերուն հետեւելով փոխն ի փոխ ու համահաւասար մակարդակի մը վրայ՝ կարենայինք օգնել իրենց ու օգնութիւն ստանալ իրենց փորձառութենէն» (ընդգծումները՝ ինձմէ Յ. Ք.):
————————————————————————————
Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի
Շրջանային Վարչութիւնը
Կը շնորհաւորէ համայն հայութեան Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
մաղթելով մեր Հայրենիքին Հզօրութիւն, Արցախին միջազգային ճանաչում,
իսկ Ջաւախքի եւ Սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն
համբերութիւն եւ յարատեւելու կամք:
Ամանորեայ զոյգ տօներուն առիթով մեր անսահման շնորհակալութիւիններն
ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ՀՕՄի բարերարներուն, հովանաւորներուն,
նուիրատուներուն, ՀՕՄի հայրենի եւ տեղական ծրագիրներու զօրակցողներուն
եւ մեր 27 մասնաճիւղերու անդամներուն, Ընկերային Ծառայութեան
եւ Հոգեբանական զոյգ կեդրոններու տնօրէնութեանց եւ պաշտօնէութեանց
Թող նոր տարին բարեբեր եւ նոր նուաճումներու տարի հանդիսանայ բոլորիս:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ
«Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար»
The ARS of Western USA, Regional Executive extends its greetings
for a Happy New Year and Merry Christmas with wishes of
strengthening our homeland, gaining international recognition for Artsakh,
and further willpower to sustain Armenians in Javakhk and Syria.
We extend our sincere thanks and appreciation to ARS sponsors
and donors, supporters of local and international ARS programs,
the members of our regions 27 chapters, as well as the administration
and staff of our Social Services and Child, Youth, and Guidance Center.
May the New Year be filled with great prosperity for all.
Happy New Year and Merry Christmas
With My People, For My People
————————————————————————–
ԿԼԵՆՏԷՅԼ
ՀՅԴ
«Ահարոնեան» կոմիտէ
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ
հովիւք ու հոգաբարձութիւն
ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղ
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղ
Համազգայինի
«Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Ռուբէն» Ուխտ
ՀՅԴ «Շանթ» եւ «Զաւարեան»
պատանեկան միութիւններ
Մաղթում ենք,
որ 2014ը համայն Հայ ժողովրդի
եւ մեր համայնքի համար լինի
յաջողութիւններով, ձեռքբերումներով
ու յաղթանակներով լի տարի:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ