ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան սնունդի անվտանգութեան տեսչութեան տուեալներուն համաձայն՝ վերջին 1 ամսուան ընթացքին Հայաստան ներածուած է 7 միլիոնէ աւելի հաւկիթ: «Հետք»ին համաձայն՝ ասիկա մրցանշային ցուցանիշ է Հայաստանի համար՝ նկատի ունենալով վերջին 15 տարուան պատկերը:
Համեմատութեան համար նշենք, որ 2012ին Հայաստան ներածուած էր 350 հազար հաւկիթ: Նախորդ տարիներուն եւս թիւը շատ մեծ չէր, իսկ մինչեւ 2010 թուական Հայաստան ի՛նք հաւկիթ կ՛արտադրէր Վրաստան: Սակայն 2013ին ամէն ինչ փոխուեցաւ: Ըստ նախնական տուեալներուն, 2013 տարուան ընթացքին Հայաստան ներածուած է 15 միլիոն հատ հաւկիթ, որուն մեծ մասը՝ Հոկտեմբեր-Նոյեմբերին:
Հայաստան ամսական դրութեամբ կը սպառէ 40-45 միլիոն հաւկիթ, հետեւաբար, ներածումը արդէն սկսած է զգալի դերակատարութիւն ունենալ մանրածախ շուկային մէջ:
Սակայն տարօրինակը այն է, որ Երեւանի մանրածախ խանութներուն մէջ կարելի չէ գտնել որեւէ հաւկիթ, որուն վրայ նշուած ըլլայ, որ անիկա ներածուած է: Ամենայն հաւանականութեամբ՝ թռչնաբուծարանները ներածուած հաւկիթը կը խառնեն տեղականներուն եւ նոյն մակնիշը կը դնեն վրան։
Հաւկիթի ներածման աճը կը վկայէ արտադրութեան անկման մասին:
Ազգային վիճակագրութեան միայն Հոկտեմբերին տուեալները արդէն ցոյց կու տան, որ ամսական դրութեամբ 20 առ հարիւրի նահանջ կայ արտադրութեան մէջ։ Նախորդ ամիսներուն, ըստ վիճակագրութեան, այդ անկումը 2-3 տոկոս էր: Այս մէկը նաեւ կը վկայէ, որ եթէ երկու–երեք տոկոսի անկումը կ՛ազդէր գիւղացիական փոքր տնտեսութիւններուն վրայ, ապա Հոկտեմբերի դրութեամբ անկումը զգալի էր նաեւ թռչնաբուծարաններուն համար։
Գիւղացիական տնտեսութիւններուն մէջ հաւկիթի արտադրութեան անկման պատճառով գիւղացիները հաւկիթ արտադրողի փոխարէն կը դառնան ներածող ու սպառող, ինչ որ յաւելեալ ճնշում կը բանեցնէ սպառողական շուկային մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.