– Ռուսական ապահովական մարմինները Վոլկոկրատ քաղաքին մէջ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յատուկ գործողութեան մը ծիրին մէջ, աւելի քան 700 անձ ձերբակալած են՝ խուզարկելէ ետք աւելի քան վեց հազար բնակարաններ, փոխադրակառքերու եւ երկաթուղիներու կայաններ: Ոստիկանութիւնը նաեւ 85 զէնքեր գրաւած է:
– Չեխիոյ մօտ Պաղեստինի դեսպան Ճամալ Ճամալ, իր տան մէջ պատահած պայթումին պատճառով մահացած է: Ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ դէպքը կը թուի արկած մը ըլլալ:
– «Քայիտա»ի մէկ թեւը նկատուող «Ապտալլա Ազզամի փաղանգներ»ու պատասխանատու Մաժետ Մաժետի ձերբակալումին մասին լուրերը շրջանառութեան մէջ դրուած են վերջին քանի մը օրերուն, սակայն այս մասին լիբանանեան պետութիւնը լուռ կը մնայ: Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանը յայտնած է, որ Թեհրան Լիբանանին ներկայացուցած է խնդրագիր մը՝ Մաժետը հարցաքննելու առումով, նկատի ունենալով, որ ան ծրագրած էր Պէյրութի իրանեան դեսպանատան դէմ գործուած պայթումները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.