
ԵՐԵՒԱՆ, «Ժամ».– 1 Յունուար 2014էն ուժի մէջ մտած է վիճայարոյց ու մեծ բողոքի ալիք բարձրացուցած պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգը: Պարտադիր դրոյթը կը վերաբերի 1 Յունուար 1974էն ետք ծնած բոլոր անձերուն: Անոնց աշխատավարձին 5-10 տոկոսը՝ աշխատավարձքին համաձայն, պարտադիր կերպով պիտի փոխանցուի կուտակային մասնաւոր ֆոնտերու եւ միայն թոշակի տարիքի հասնող կուտակողները պիտի կարենան օգտագործել իրենց ֆինանսական այդ միջոցները:
Յիշեցնենք նաեւ, որ այս մէկուն պարտադիր ըլլալու հարցը Սահմանադրական դատարանին մէջ վիճարկելու դիմում ներկայացուցած էին Ազգային ժողովի ոչ համաձայնական կուսակցութիւնները։