ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կը խնդրեմ մի յոգնի՛ք բացատրելու թէ ո՞վ է, ի՞նչ է, ուրկէ՞ ծնունդ առած է այս կազմա-
կերպութիւնը, որ ՀՅԴ կը կոչուի: Անիկա 123 տարեկան այն կուսակցութիւնն է, որ տակաւին քանի մը տասնամեակներ առաջ հայրենիք մ՛իսկ չունէր իր ոտքին տակ:
Վերագնահատումներ կամ ինքնագիտակցութեան յստակ պատկերներ, ինչ կ՛ուզէք հաշուեցէք, բայց ինծի համար անպայման հաւաքական մտահոգութիւններէ ծնունդ առած կեանքի թելադրանքներ են, որոնք կու գան ձեւով մը համեստ հայու մը յիշողութեան զարթուցիչ բանալին դառնալ:
Եւ որովհետեւ արեւոտ ու տխուր իրականութեան այս աշխահին մէջ, վերջին հաշուով մեր կեանքը իր չյայտնաբերուած գեղեցկութեամբ միտքի ու սիրտի մեծ կամ փոքր հանք մըն է, ուստի կը կարծեմ, որ յաճախ զայն պէտք է պեղել ու անոր խորքը հասնիլ:
Բաւական դժուար եւ երբեմն ալ անհնար աշխատանք: Բայց…
Խորագիրիս մէջ ՀՅԴ ըսի ու աւելցնեմ, որ ես զինք արդէն աւելի քան կէս դար առաջ մօտէն ճանչցած էի: Տակաւին ատկէ առաջ՝ նախակրթարանի տարիներուս, մեր հին քաղաքի այդ մեր բազմադրացի բակէն ներս, անիկա իբրեւ ամէնօրեայ ոգի, միշտ շրջած էր իւրաքանչիւր դրացիի տուն, սենեակէ սենեակ, պատուհանէ պատուհան ու պատէ պատ անցնելով, իր պտոյտը համեստօրէն կատարած:
Իր մասին այդ օրերուն, մեր բակի մեծերէն լսած էի շատ բաներ, որոնց իբրեւ հարազատ արդիւնք, նոյնիսկ իր հիմնադիրներուն եւ հերոսներուն կեանքի ուղին եւ իտէալը ինծի համար դարձուցած էի մէկական մասունք:
Ապա, հազիւ շրջանաւարտ աշակերտ, ես զայն ընդունած էի իբրեւ լոյսի, յոյսի եւ ուժի ջահակիրը մեր ցեղին: Սիրած էի զայն պաշտելու աստիճան ու այդ անկեղծ սէրն ու խորունկ յարգանքն էր, որ տարիքիս հասունութեան սեմին, օր մը զիս առաջնորդած էր նոյն այդ մեր հին քաղաքի պատմական հին այն ակումբը, որուն երկար սրահի չոր ու ցամաք պատերը իր շարքերը խտացնող հերոսներուն նկարներով զարդարուած էին:
Հաւատացէ՛ք, ժամանակի մէջ ծաւալող կեանքիս օրերուն, ինծի համար ի՛ր եւ հայութեա՛ն միջեւ դժուար էր զատորոշում կատարել:
Անսահման պատկառանքի, մեծ յարգանքի եւ աներեւակայելի ներշնչումի աղբիւր էր:
Ասոնց իբրեւ հարազատ արդիւնք, ես ու իմ նմանները, մենք բոլորս, պարզ դիտողներ կամ սովորական ունկնդիրներ չմնացինք: Տեսանք, լսեցինք, սորվեցանք եւ զօրակցեցանք:
Ինք ազգային հպարտութիւնը վառ պահելով իր կուրծքին տակ, իր իսկ արմատներուն մէջ, իր ճիւղաւորումներու ընթացքին, տարուէ տարի մեզի՝ նոր սերունդի համեստ ժառանգորդներուս, փոխանցեց իր միակ ու գերագոյն նպատակը՝ հայութիւնը, իր մէկ եւ ազնուագոյն կրօնը՝ ազատութիւնը եւ իր գեղեցկագոյն սրբութիւնը՝ հայրենիքը:
Մեր ծնողքին եւ մեր յաճախած վարժարանին հետ միասին ինքն ալ ոչ միայն հայրենի հողի անբացատրելի խորհուրդը պարզեց մեզի, այլեւ հայրենիքն ու անոր ազատութիւնը պաշտելու աստիճան սիրցուց:
Հասկցանք նաեւ, որ ինքն էր մեր ժողովուրդի արդի պատմութեան գրեթէ բոլոր հերոսական գոյամարտներուն ոգին:
Հասկցանք, որ ինքն էր, մեր ժողովուրդին միտքերը ազատատենչ հայութեամբ ոգեւորողը:
Ինքն էր, զէնքը միացուցած գիրքին, գիրը՝ բահին, հպարտ սրբազան երրորդութեան մը վերածուած՝ մեզի բողոքի եւ վրէժի հուր ներշնչողը:
Եւ վերջապէս ինքն էր, որ ոչ միայն հայ կեանքի տագնապները ապրեցաւ, այլեւ Սփիւռքը ամբոխային իր վիճակէն փրկեց:
Ու տակաւին շատ բաներ սորվեցանք:
Գուշակ ըլլալու կարիք չկար. վերջապէս ինքն էր Հայ Դատի ու հայու պահանջատիրութեան դրօշակակիրը:
Իրողութիւն է, որ այդ օրերուն մեզմէ շատեր չուզեցին իր շուրջ համախմբուիլ: Սակայն միւս կողմէ ալ շատ ուրիշներու ինք մերժեց ընդունիլ: Իսկ ես ու իմ նմանները, իր սերմանած ոգիով ու շունչով իր հովանիին տակ կամաց-կամաց մեծցանք ու հասակ նետեցինք:
Հիմա դուք ձեզի հարց տուէ՛ք. Սփիւռքի մէջ ո՞ր գիտակից երիտասարդը այսպէս չէ մեծցած: Ո՞վ ծանօթ չէ այս բոլորին, ըսէ՛ք, ո՞վ:
Պատասխանը ձեր քովն է:

Այս բոլոր յիշեցումները նորութիւններ չեն: Բայց…
Ու դարձեալ պարկեշտօրէն ու խիղճի ամենայն հանդարտութեամբ պէտք է աւելցնեմ, որ այդ օրերուն մենք մեր ակումբէն ներս, պատիւ իրենց, «մեծեր» ունեցանք:
Մէկ խօսքով, խոնարհ ծառաներ, որոնք զգալի դերակատարութիւն ունէին մեր ներքաղաքական, հոգեւոր, ազգային եւ ընկերական կեանքին մէջ:
Մեր հին քաղաքի այդ բոլոր մեծերը սակայն, առանց ծափի, առանց գնահատանքի կամ շքանշանի, հետամուտ մեր ազգային շահերուն, իրենց խօսքերով, կոչերով, անձնական օրինակներով եւ բարոյական կեցուածքով, համեստօրէն մեզի եւ գաղութին սորվեցուցին ցեղին յոյսը հաւաքել: Ու մենք խանդավառ օրինակեցինք ու հետեւեցանք իրենց քայլերուն:
Հաւատացէ՛ք, մենք մէկ առաջնորդ չունեցանք, այլ՝ առաջնորդներ: Ազգապետ ալ չունեցանք. բայց միշտ ունեցանք ղեկավարող մարմիններ, տիպար ու նոյնքան օրինակելի, որոնք մեզի սորվեցուցին մնալ ուխտադիր:
Մեր այդ քաղաքին մէջ գաղափարն ու գաղափարական մարդը նոյնացած էին կարծես:
Այլ խօսքով, այդ հնամեայ քաղաքի մէջ մեր շարքերէն ներս անհատի պաշտամունքի փոխարէն կար միայն մենքի հասկացողութիւնը: Անոր համար մեր գաղութը դարձած էր մայր գաղութ: Պարզ եւ յստակ: Օրինակելի ու նոյնքան ալ դրական ու շինիչ գործելաձեւ:
Անոր համար այս հսկայ կազմակերպութիւնը կաղնիի մը նմանցուցած էինք՝ հաստաբուն կաղնի մը, ամրակուռ եւ կայուն:
Ինքն էր, որ իր ծնունդի օրէն ի վեր շալկած էր մեր ժողովուրդի ցաւերն ու տագնապները:
Իրմէ սորվեցանք, որ մեր ազգը, հիմնական արժէքն ու աւիշը պէտք է ըլլար մեր կեանքի գոյատեւման:
Ու գաղտնիք մը ըսած չեմ ըլլար, եթէ աւելցնեմ, թէ այս հսկայ կաղնին, մեր հաւաքական մտահոգութեան կողքին ունէր նաեւ հաւատքը մեր ազգի փայլուն հեռանկարին: Իրեն համար Հայաստանը վերջակէտ չէր ճանչնար: Այսպէս ալ դաստիարակած էր մեզ:
Մեզի՝ Սփիւռքը Հայաստանին եւ Հայաստանը Սփիւռքին շեփորողը ինք եղած էր, ճակատաբաց ու հպարտ ու այս նշանաբանին համար ալ զոհաբերած:
Վերջապէս, ինք այն մեծ կուսակցութիւնն էր, որուն կեանքի պատմութիւնը կը հաստատէր, թէ իր հեղինակութիւնն ու ժողովրդականութիւնը միշտ զոհած էր ի խնդիր մեր ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն:
Եւ ահա այսօր:
Կը փորձեմ ամփոփել միտքս եւ սուզուիլ ապրումներուս մէջ:
Այսօր սակայն, այդ երէկը չէ. դժբախտաբար: Մեր ծննդավայրը, հին ու պատմական Հալէպը, որ այս օրերուն մահով ու սուգով կ՛ապրի, նոյնիսկ իր այդ հին ու նոր խորքով, տեսքով եւ մթնոլորտով երբեք չի նմանիր մեր այս ապրած ներկայ քաղաքին:
Բաղդատական չկայ երկուքին միջեւ, լեռ ու ձոր տարբերութիւն:
Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլամ, եթէ աւելցնեմ, թէ ներկայիս ազգովին ֆիզիքապէս վտանգուած ենք: Այս բոլորին ականատեսներն ենք: Տասնամեակներէ ի վեր Սփիւռքի դիմագիծը փոխուած է արդէն, ու մեր անկախ հայրենիքը տակաւին ինքզինք չէ գտած: Զգալի ու բացայայտ է նաեւ, թէ կամաց-կամաց գաղութներէ ներս մեր հաւաքականութիւնները կարծես սկսած են վերածուելու այլանդակ ու տխեղծ ամբոխի մը, ընտանեկան յարկերէն ներս ստեղծուած անհաճոյ եւ ոչ առողջ մթնոլորտին պատճառով:
Շատ յաճախ շեփորած ենք, թէ մեր գաղութները մնայուն չեն: Գաղութ ըսի՝ կարծես ուրիշներու տան մէջ կ՛ապրինք երկար տարիներէ ի վեր: Կարծես հրաւիրուած հիւրերու կը նմանինք: Անոր համար ամէն մարդ սկսած է տեսակ մը ոխով նայելու մեզի: Անոր համար տակաւին մեր երգերը տխուր են:
Տեղին է ի մտի ունենալ, թէ աշխարհը, ուր ներկայիս կ՛ապրինք, կը գտնուի տեւական պատերազմի մը մէջ, որ ուղղակի կամ անուղղակի սպառնալիք է նաեւ մեզի:
Վտանգուած է միջազգային խաղաղութիւնը, որովհետեւ մեր ապրած դարը իր շրթներուն վրայ արիւն ունի, իսկ մահը իր ամէնօրեայ աւերն է, որ կը գործէ սանձարձակ ամէն երկինքի տակ:
Անդին, ցաւ ի սիրտ, հակառակ ինքնանկախ հայրենիքի մը ներկայութեան, տակաւին ազգովին ալ կը դիմագրաւենք ներքին ու արտաքին լուրջ վտանգներ ու տագնապներ։ Անգործութիւն, արտագաղթ եւ տակաւին ուրիշ շատ ախտեր կը տառապեցնեն մեր հայրենիքը:
Կը կարծեմ, որ պահը հասած է, եթէ ոչ նոյնիսկ անցած, որ իւրաքանչիւրս, ուր որ ալ ըլլանք, պատասխանատու մօտեցում մը ունենանք կամ որդեգրենք մեր ազգին նկատմամբ:
Ամէն առիթով կրկնած եմ, թէ մենք ամէն բանի կարիքը ունինք, բացի՝ անտարբերութենէն:
Չենք կրնար հեռու եւ անտարբեր մնալ հայութեան աղմուկէն, որովհետեւ հաւատացած ենք, որ հաւաքական գիտակցութիւնն ու որակեալ մարդուժը միասնաբար հայեցի կազմաւորման մեծապէս կը նպաստեն: Մեկտեղուիլ է պէտք եւ խմբուիլ՝ ուժականութիւն դառնալու համար:
Ամէն տեղ եւ ամէն վայր կարիքր ունինք հայ արժէքներու, որոնք մեր նոր սերունդին պիտի ծանօթացնեն հայ մարդու դիմագիծին դրական կողմերը: Ժամանակն է, որ ազգովին հասնինք այս խոր գիտակցութեան: Այս օրերուն առաջնահերթ ու էական է ազգային մակերեսէն անդին մեր թափանցումը: Դէպի խորքը:
Ահազանգ պէտք է հնչել տալ:
Արդեօք այս մէկը ահազանգն իսկ չէ՞:
Շատ յաճախ հայ միտքը կորսնցուցած է իր կեդրոնացումը: Առաւել՝ ընդհանուր արժէքներու նահանջն ալ կայ: Ամէն բան մակերեսային եւ ձեւական դարձած է: Յստակ է, թէ շատ մը գաղութներէ ներս մեր դիմագիծը սկսած է փոխուելու: Հաւատացէ՛ք, եթէ մեր ազգը կ՛ուզէ ապրիլ, պէտք չէ փոխէ իր դիմագիծը: Ասիկա մղձաւանջային իրականութիւն մըն է, որովհետեւ մեր հոգիին գիրքը միայն մենք կրնանք կարդալ:
Այս բոլորը կրկնելէ այլեւս յոգնեցանք:
Սպառեցանք: Հաւատացէ՛ք:
Պարզապէս կ՛ուզեմ աւելցնել, թէ ժամանակն է, որ հայը իր արեան մէջ կրէ իր անցեալն ու ներկան ու ապագան ծրագրէ: Ժամանակն է նաեւ, որ հայրենիքի ղեկավարները լրջօրէն մտածեն հայրենի հողի ապագային մասին: Այլ խօսքով, մեր բոլորի միտքերուն մէջ հայրենի հողի սրբութեան գիտակցութիւնը պէտք է վերականգնի:
Ուստի, կը կարծեմ, որ ամէն բանէ աւելի եւ առաջ այսօր հրամայական պահանջք է, որ մեր նոր սերունդը հաւատք ընծայէ ու համախմբուի, ինքնուրոյն եւ անկաշկանդ ազգային դիմագիծ ունեցող այս հսկայ կազմակերպութեան՝ մեր կաղնիին շուրջ, որուն ծննդեան 123ամեակը կը տօնուի ամէն տեղ:
Նաեւ ժամանակն է, որ այս իրականութեան փէշէն կախուած նոյն այս կազմակերպութիւնը աշխուժանայ եւ ինքզինք վերանորոգէ: Մեր երիտասարդները ներգրաւելու միտումով՝ անոնց հաւատք ընծայելով մօտենայ մերկ սրտով ու պայծառ աչքով, զանոնք հասկնալով ու միաժամանակ անոնց վստահութիւն ներշնչելով:
Կը կարծեմ, որ անիկա իր այս որդեգրումով պիտի կարենայ մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն հայ ըլլալու եւ հայ մնալու կամքը վերահաստատել:
Այս տողերուս սկիզբը ինքնաճանաչում ըսի:
Անոր համար հարազատի անկեղծութեամբ եւ հպարտութեամբ մեծագոյն փափաքս է, որ մեր այս հսկայ «կաղնին», իր համեստ, գիտակից, փայլուն հեռանկարներ ունեցող ու խոնարհ առաջնորդներով, միշտ արթուն եւ ճակատաբաց դէպի նոր ամեակներ շարունակէ իր երթը:
Ահա՛, ազնիւ ակնկալութիւններով լեցուն, անմեղ ու անկեղծ մաղթանք մը՝ մեր կաղնիին:
————————————————-
Էջի Հովանաւոր
Միրօ Խանզատեան
www.GlobalHye.com
————————————————–
Արա եւ Ռոքսան
Մաքասճեան
——————————————————
Vickens Catering
(818) 618-4777
—————————————————-
Ռոստոմ եւ Հուրի
Այնթապլեան