
ԳԱՐՈԼԱՆ ԵՒ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ճրագալոյց, Ս. Ծննդեան Ս. պատարագ, ջրօրհնէք, տօնական օրուան մթնոլորտը մարմնաւորող ընթրիքի երեկոյ…
Այս բոլորը կը յատկանշեն հայկական Ս. Ծնունդի տօնը եւ հայկական ընտանիքներն ու հաւաքականութիւնները հաղորդ կը պահեն մեր աւանդներուն ու արմատներուն հետ, մեզ իբրեւ հայ կը զատորոշեն այլ ժողովուրդներէ եւ վեր կ՛առնեն հայութեան մշակութային իւրայատկութիւնները։ Իւրաքանչիւր տարեմուտի յաջորդող մեր Ս. Ծննդեան տօնը պարզ կրկնութիւն չէ նախորդներուն, այլ յուշարար՝ մեր ինքնութեան, առիթ՝ վերանորոգելու հայութեան պատկանելիութեան մեր ուխտը։
Արեւմտեան թեմը եւս, Յունուար 5էն 7 ապրեցաւ այս մթնոլորտն ու վերանորոգուեցաւ հայկականութեամբ։ Կիրակի, Յունուար 5ի երեկոյեան, մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան Ճրագալոյցի հոգեպարար արարողութիւն ու Ս. պատարագ, Յունուար 6ի առաւօտուն՝ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ Յիսուսի մկրտութիւնը խորհրդանշող Ջրօրհնէքի արարողութիւն, իսկ երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահը հիւրընկալեց թեմի բարեխնամ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ընթրիքի աւանդական երեկոն, որ նոր ու փայլուն օղակ մը աւելցուց Ազգային Առաջնորդարանի նախաձեռնութիւններով կերտուած շղթային վրայ, պսակուելով նիւթական ու բարոյական լիակատար յաջողութեամբ։
Առաջնորդը Ճրագալոյցի առիթով Ս. պատարագ մատուցեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ ու արարողութեան աւարտին, ներկայ հաւատացեալներուն հաղորդեց Ս. Ծննդեան աւետիսն ու պատգամը։ Ս. Ծննդեան տօնին, Երկուշաբթի առաւօտուն, սրբազանը պատարագեց եւ պատգամեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յաւարտ Ս. պատարագի, կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը, աղօթակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն եւ հաւատացեալներու բազմութեան։
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՆ
Նոյն օրը, երեկոյեան, մեր թեմին մէջ ծառայող պետական, միութենական ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահին մէջ ժամադրուած էին սրբազանին ու ժողովականութեան հետ, միասնաբար տօնելու հայկական Ս. Ծնունդը եւ վայելելու Ս. Ծննդեան տօնի պատգամներն ու խորհուրդը։
Առաջնորդին հրաւէրին ընդառաջած էին Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմ եւ տիկինը, Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալ Արտակ Գալստեան եւ տիկինը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ Խաժակ Տիքիճեան եւ Վահէ Եագուպեան եւ իրենց կողակիցները, ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան եւ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան եւ իրենց տիկինները, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի, Համազգայինի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութանց ներկայացուցիչներ, Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, ծխական շրջաններու հոգաբարձութիւններ, ազգային երեսփոխաններ, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամներ եւ տնօրէններ, CASPS-ի եւ Ազգ. առաջնորդարանի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, «Ֆորեսթ Լոն»ի եւ Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի պատասխանատուներ, մամուլի սպասարկուներ եւ Ազգ. առաջնորդարանի բարերարներ ու բարեկամներ։ Ներկաներուն թիւը շուրջ 600 էր։
Առաջնորդի ընթրիքի երեկոն կազմակերպուած էր Կրօնական ժողովի ու Ազգային վարչութեան կողմէ, իսկ գործնական կազմակերպումը վստահուած էր, ինչպէս միշտ, Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին։ Գլխաւոր հիւրընկալն էր Ազգ. առաջնորդարանի բարերարներէն տէր եւ տիկին Էտի եւ Թալին Ամրոյեան ամոլը։
Երեկոն սկսաւ խորհրդաւոր արարողութեամբ մը. սրահին լոյսերը մարեցան, ներկաները, մոմեր ի ձեռին, յոտնկայս դիմաւորեցին առաջնորդն ու հոգեւորականաց դասու անդամները, որոնք Ս. Ծննդեան շարականներու երգեցողութեամբ սրահ մուտք գործեցին, ներկաներուն աւետելով Քրիստոսի Ս. Ծնունդը։ Պօղոս աբղ. Թինքճեան ընթերցեց Քրիստոսի ծննդեան դէպքը նկարագրող՝ Ղուկասու աւետարանի հատուածը, որուն յաջորդեց Թաթախի աւանդական արարողութիւնը։
Հանդիսավարն էր Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, որ հրաւիրեց առաջնորդը՝ կատարելու սեղաններու օրհնութիւնը։ Առաջնորդ սրբազանը, սեղաններու օրհնութենէն առաջ, ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց սեղաններուն վրայ գտնուող յուշանուէրներուն, որոնք «Հաւատք, Յոյս եւ Սէր» խորհուրդները արտայայտող զարդեր էին, իբրեւ նուէր տրամադրուած՝ տէր եւ տիկին Յարութ եւ Քրիսթինա Ճապարեան բարերար ամոլին կողմէ. ան նախ կատարեց այս յուշանուէրներուն, ապա նաեւ ճաշի օրհնութիւնը։ Այս օրհնութեամբ, առաջնորդ սրբազանը կ՛օրհնէր նաեւ բոլոր ներկաներուն տուները։
Տիկնանց օժանդակ մարմինին անունով, Մարալ Դարբինեան արտասանեց ողջոյնի խօսք։
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամը՝ ուղղուած ընթրիքի սոյն երեկոյի մասնակցողներուն ու անոնց ճամբով՝ թեմի զաւակներուն։
Վեհափառ հայրապետը ողջունեց եւ շնորհաւորեց առաջնորդին ու անոր շուրջ համախմբուած ներկաներուն ու թեմին ծառայողներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, գնահատանքով արտայայտուեցաւ առաջնորդին, ժողովականութեան եւ ազգին նուիրեալներուն եկեղեցանուէր ու ազգային ծառայութիւններուն մասին, ապա ներկաները բաժնեկից դարձուց երեք գլխաւոր մտածումներու.
Ա. Ամանորն ու տօնական այս օրերը առիթ են ինքնարժեւորումի, տեսնելու, թէ մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերուն մէջ ինչպիսի՞ իրագործումներ կատարած ենք, ինչպիսի՞ յաջողութիւններ իրագործուած են կամ ո՞ւր թերութիւններ նկատելի են, այլ խօսքով՝ հաշուետուութեան պահ մը ապրիլ,
Բ. Մեկնելով ինքնաքննարկումէ, կատարել վերանորոգում, ծրագրել, որ նոր կամքով յառաջ պիտի տանինք մեր առաքելութիւնը, ի մտի ունենալով, որ Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան գլխաւոր նպատակը մարդուն վերանորոգումն էր, եւ
Գ. Ի մտի ունենալ, որ կը կանգնինք Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին։ 100ամեակը վճռական հանգրուան մըն է, հոգեհանգստեան ու ընթացիկ յուշահանդէսներու հանգրուան մը չէ միայն, այլ հայութեան պահանջատիրութիւնը ուժեղ կերպով արտայայտելու առիթ մը, արդար հատուցման պահանջի առիթ, ի դիմաց մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, մեր հողերուն եւ մեր նիւթական ու մշակութային կորուստներուն։ Հայութիւնը աշխարհին պիտի յիշեցնէ, որ անտարբեր չէ կանգնած իր պահանջատիրութեան ճամբուն, ինչպէս որ անտարբեր չէինք անցեալ տասնամեակներուն։ Աշխարհը պիտի իմանայ, որ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք միացեալ կեցուածք ունին մեր պահանջներուն մէջ։
Վեհափառը նշեց, որ Քալիֆորնիոյ հայութիւնը վճռական դեր ունեցած է մեր իրաւունքներու հետապնդման գործին մէջ ու յառաջիկային եւս կոչուած է անշեղօրէն շարունակելու իր դերակատարութիւնը։ Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը եզրակացուց ընդգծելով, որ այս երեք մտածումները իբրեւ աշխատանքի սկզբունք պէտք է նկատի ունենալ յառաջիկայ մեր աշխատանքներուն եւ պահանջատիրութեան մէջ, եւ մաղթեց, որ առաջնորդ սրբազանը, ժողովականութիւնն ու անոնց կողքին գործող բոլոր միաւորները հաւաքական աշխատանքով ու նուիրումով շարունակեն գաղութի ծաղկման երթը։
Ազգային վարչութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան։ Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Ազգ. առաջնորդարանի յարկին ու հովանիին տակ տարուող աշխատանքներուն, յիշեցուց, որ վեհափառը 2014 տարին նուիրած է Հայ Տարեցներուն եւ հրաւիրեց բոլորը արժանի յարգանքն ու պատիւը տալու մեր երէց սերունդի անդամներուն։ Ան նաեւ կոչ ուղղեց վերանորոգ ճիգերով ու պատրաստակամութեամբ շարունակելու ծառայական երթը եւ իր խօսքը եզրափակեց ամենայն բարիք ու վերելք մաղթելով Հայաստանին, Արցախին, մեր բանակին ու աշխարհասփիւռ հայութեան, յատկապէս յոյս յայտնելով, որ Սուրիոյ հայութիւնը վերագտնէ խաղաղութիւնն ու լիարժէքօրէն վերականգնէ իր առաքելութիւնը։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐԸ
Սրտի խօսք արտասանելու հրաւիրուեցան յաջորդաբար Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսն ու Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալը։
Ճոնի Իպրահիմ իր խօսքը սկսաւ շնորհաւորական արտայայտութեամբ. ան յիշատակեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը խորհրդանշող երկգլխանի արծիւը խորհրդանիշ է անցեալի քննարկումով ապագան կերտելու կամքին, իսկ Ս. Ծննդեան տօնը հրաւէր է առանց անցեալը մոռնալու՝ վերանորոգելու կեանքն ու աշխատանքի ուղին։ Ան նշեց, որ Յիսուսի աստուածայայտնութիւնը եւս կը խորհրդանշէ վերանորոգում, հետեւաբար, տարուան այս հանգրուանը հրաւէր է մարդկութեան, որ հոգիներն ու սիրտերը մաքրազտեն ու բիւրեղացնեն եւ այդ ոգիով սկսին նոր շրջանը, համերաշխութեամբ, հաշտութեամբ։ Ան ողջունեց Ազգ. առաջնորդարանին եւ ընդհանրապէս հայութեան հետ Լիբանանի եւ իր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան սերտ կապերը եւ այս ծիրին մէջ, դրուատիքով անդրադարձաւ առաջնորդին դերակատարութեան։
Արտակ Գալստեան Հայաստանի իշխանութիւններուն անունով շնորհաւորեց նոր տարին ու Ս. Ծնունդը, յոյս յայտնեց, որ այս հանգրուանը ըլլայ հոգեկան վերանորոգումի առիթ եւ կարենանք լուսաւոր աչքերով նայիլ դէպի ապագան։ Ան նոր յոյսի, լոյսի ու հաւատքի մաղթանքներով եզրափակեց իր խօսքը, յոյս յայտնելով, որ նոր տարին բոլորիս նպատակները իրականացնէ։
Հանդիսավար Վազգէն քահանայ, այնուհետեւ ողջունեց ներկայութիւնը պաշտօնական անձնաւորութեանց եւ ներկայացուցիչներուն, նշելով, որ Վաչէ արք. Յովսէփեան եւս միացած է ընթրիքի երեկոյին։ Ան նաեւ հանդիսականներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ սեղաններուն վրայ կը գտնուի Հայ Մայրերուն ձօնուած յատուկ աղօթք մը, որ իբրեւ նուէր տրամադրուած է Գոհար Սիւլահեանի կողմէ։
ՃԱՇ ԵՒ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Ճաշի պահուն, նաեւ անկէ ետք, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Նշենք նաեւ, որ յայտագիրին բացումէն առաջ եւ երեկոյթին ընթացքին՝ յարմար պահերու, պաստառի վրայ ցուցադրուեցան Ազգ. առաջնորդարանի 2013 տարին սեղմող լուսանկարներ։
Գեղարուեստական յայտագիրը վստահուած էր «Տօնական» նուագախումբին, որ ներկայացուց ժողովրդական եղանակներ, ապա նաեւ ընկերացաւ երգիչ Գէորգ Չագմանեանի, որ ներկայացուց ժողովրդական ու ազգագրական երգերու շարք մը, խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով սրահին մէջ։ Լիլիա Մարգարեանի պարարուեստի դպրոցի պատանի աշակերտները բեմ բարձրացան հայկական պարերով ու Եռագոյն դրօշի ծածանումով։ Յայտագիրի դասական երգերու բաժինը ներկայացուց երիտասարդ երգիչ Վահագն Հովենց, որ ներկայացուց Ս. Ծննդեան տաղեր, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արմէնուհի Տէրտէրեանի։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Ընթրիքի երեկոյին բարձրակէտը առաջնորդին եզրափակիչ պատգամն էր։ Ստորեւ՝ սոյն պատգամին բնագիրը ամբողջութեամբ.
«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ…, Խաղաղութիւն աշխարհին…», «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի…», «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»։
Այս բառերով կ՛ողջունենք ձեզ, սիրելիներ, եւ Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան տրուած գերագոյն պարգեւին աւետիսը կու տանք բոլորիդ։ Ահա մեր սիրտերը կը լեցուին ցնծութեամբ, ուրախութեամբ եւ խաղաղ աշխարհ մը ունենալու վերանորոգ յոյսերով։ Փառք, հազար փառք Աստուծոյ, որ մեզի շնորհեց տարի մը եւս բոլորելու եւ այս յարկին տակ վերստին հանդիպելու եւ հաճելի պահ մը ունենալու հոգեկան ցնծութիւնը։
Ս. Ծննդեան մեծ եւ սքանչելի խորհուրդով լի, խաղաղութեան ու հաճութեան զգացումներով կ՛ողջունեմ բոլորդ, սիրելիներ, երբ Ս. Ծննդեան տօնի մեր աւանդական ընթրիքի երեկոն շուտով պիտի աւարտենք։
Երէկ երեկոյ, Ճրագալոյցի արարողութեամբ, այս առաւօտ, Ս. պատարագով եւ ջրօրհնէքի արարողութեամբ, հաղորդակից եղանք Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան խորհուրդին, սիրոյ, հաճութեան ու խաղաղութեան պատգամներուն։ Այս երեկոն ալ սկսանք աղօթքով, Ամենակալէն հայցելու, որ Իր հոգածու Ս. Աջը պահապան եւ առաջնորդ ընէ մեզի, երբ թեւակոխած ենք 2014 տարին, Իր բարիքներով ճոխացնէ մեր անձնական ու հաւաքական յարկերը։ Կը խնդրենք Ամենակալէն, որ անցեալ տարիներուն արձանագրուած անբաղձալի իրադարձութիւնները չկրկնուին, եւ աշխարհին, մարդկութեան հետ միասին, մենք՝ հայերս ալ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէն մի օճախի մէջ, վայելենք Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդին բերկրանքը։
Եւ իսկապէս ի՞նչ է Ս. Ծննդեան տօնին իմաստն ու խորհուրդը, եթէ ոչ՝ խաղաղութեան, հաճութեան, բարեմիտ յարաբերութեանց, բարեսրտութեան եւ ողորմածութեան աւետիսը, որ մարդկութեան իբրեւ պարգեւ տրուեցաւ Յիսուս Մանուկի Ս. Ծննդեան գիշերը, երկինքի բարձունքներէն հնչող հրեշտակներուն երգերով ու Բեթլեհէմի մսուրին վերեւ ծագած փայլուն աստղով։ Հրեշտակներուն «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» բառերը չհնչեցին միայն մէկ գիշերուան համար, այլ մարդկութեան բերին անժամանցելի պատգամ մը, որ կը կրկնուի ամէ՛ն տարի, ամէ՛ն օր, որպէսզի մարդկութեան յիշեցնէ Ստեղծիչին նուիրաբերումն ու մարդը ազնուացնող պատգամները։
Խաղաղութեան, սիրոյ, բարեհաճութեան, խոնարհութեան ու մարդասիրութեան պատգամները ճշմարիտ էին ու մարդոց կեանքը կը լուսաւորէին անցեալին, անոնք մեր կեանքի լուսատու փարոսներն են եւ արդարութեան առաջնորդող ուղին են այսօր ու ապագային։ Աստուծոյ խօսքն ու բարիքներու խոստումները անփոփոխ են ու անփոփոխելի, որքան ալ որ տարիներն ու դարերը կուտակուին իրարու վրայ։ Անոնք նաեւ հրաւէր են բոլորիս, որ մեր սեփական ու հաւաքական կեանքերը ապրելով դառնալու խաղաղութեան եւ լոյսի որդիներ, մեր նմաններուն հանդէպ սիրով ու հաճութեամբ առլցուն անհատներ եւ ընտանիքներ, կազմակերպութիւններ ու միութիւններ, պետական կառոյցներ։ Ս. Ծննդեան պատգամները մեզ կը հրաւիրեն, հետեւաբար, հեռու մնալ գոռոզութենէ եւ բռնութիւններէ, այլ ընդհակառակն, կոչ կ՛ընեն ըլլալու խոնարհ, համեստ եւ զոհաբերութեան պատրաստ, ինչպէս որ ըրաւ Աստուածորդին՝ մարդանալով, եղաւ բոլորիս Հա՛յր Աստուծոյ գերագոյն նուէրը մեզի։ Ան չծնաւ պերճաշուք պալատներու մէջ, ինչպէս վայել է ոեւէ թագաւորի կամ իշխանազունի, այլ աշխարհ եկաւ համեստ ու աղքատիկ մսուրի մը մէջ, այդ վայրկեանէն իսկ պատգամելու, որ երկրաւոր հարստութիւններն ու պերճանքները գերադասելի չեն, այլ հաւատացեալ քրիստոնեային կեանքի ուղին ու նպատակը պէտք է կերտուին յաւիտենական կեանքին սեւեռելով, երկնքի արքայութեան արժանի ըլլալու ձգտումով։
Ս. Ծննդեան տօնին բազմախորհուրդ այս երեկոյին, երբ աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած, խնդրենք, որ Իր բարիքներն ու կենսաւորող պատգամները ամէ՛ն օր ու ամէ՛ն ժամ պարգեւէ մեզի ու մարդկութեան, որպէսզի նոր տարին եւ յառաջիկայ տարիները ապրինք համաձայն իր կամքին, արժանի ըլլանք Իր գերագոյն զոհաբերութեան եւ Յիսուսի քոյրերն ու եղբայրները կոչուելու պատիւին։
Սա պահուն, երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան խօսք ունինք Ս. Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իր հայրական պատգամով ողջունեց մեզ։ Ինչպէս գիտէք, վեհափառ հայրապետը 2013 տարին նուիրած էր Հայ Մօր եւ մենք բազմաթիւ ձեռնարկներով ու հրատարակութիւններով նշեցինք այդ տարին։ Վեհափառ հայրապետը, 2014ը նուիրելով Հայ Տարեցներուն, մեզ կը հրաւիրէ պատշաճ յարգանքն ու երախտագիտական զգացումները ընծայենք մեր երէց սերունդին։
Ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսք ունինք մեր բարերարներուն եւ հովանաւորներուն, որոնք անցեալին ու այսօր անվերապահ կերպով մեր կողքին կը կանգնին եւ իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս կ՛արտայայտեն Ազգ. առաջնորդարանի միակ հասութաբեր ձեռնարկը հանդիսացող ընթրիքի այս երեկոյին առիթով։ Այս ծիրին մէջ, շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան յատուկ խօսք ունիմ մեր ընթրիքի այս երեկոյի հիւրընկալներուն՝ տէր եւ տիկին Էտի եւ Թալին Ամրոյեանի, որոնք երկրորդ անգամ ըլլալով սիրայօժար յանձն առին ըլլալու այս երեկոյին գլխաւոր հիւրընկալը. շնորհակալութիւն այս ձեռնարկի բոլոր հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն, որոնց անունները պիտի գտնէք ձեր տրամադրութեան տակ դրուած գրքոյկին մէջ։ Շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսք ունինք նաեւ Ազգ. առաջնորդարանիս յանձնախումբերուն ու Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներուն, որոնք մասնակից են Ազգ. առաջնորդարանիս աշխատանքներուն մարմնաւորման ու գործնական քայլերու թարգմանումին։ Շնորհակալութիւն եւ լաւագոյն բարեմաղթութիւններ նաեւ մեր եկեղեցիներուն հաւատարիմ իւրաքանչիւր հաւատացեալի ու հայորդիի, ներկաներուդ եւ գործով ու հոգիով մեր առաքելութեան զօրակցողներուն, ձեր ներկայութեան ու քաջալերանքին համար։
Սիրելիներ,
Արեւմտեան Միացեալ Նահագներու այս թեմին մեր տեղապահ ընտրութենէն, ապա նաեւ առաջնորդի առաքելութեան կոչուելէն ասդին, այսօր 19րդ անգամն է որ կը համախմբուինք Ս. Ծննդեան ընթրիքին առիթով։ 19 տարիէ ի վեր, ամէն տարեմուտի, Ձեզի հետ կ՛ըլլանք այս բազմախորհուրդ երեկոյին։ Իբրեւ Ազգ. առաջնորդարանի մեծ ընտանիքի անդամներ ու բարեկամներ, իբրեւ ազգային միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ կը համախմբուինք ուրախ, հաճելի եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ ողջունելու զիրար, բոլորելու մեր հաւատքով եւ մշակոյթով հարստացած պահ մը։ Այս երեկոն մեզի համար նաեւ առիթ է բաժնեկցելու անցեալ տարուան ընթացքին մեր կարգ մը իրագործումները, որոնք թէեւ մշակուած են ու իրականացած՝ Ազգային առաջնորդարանիս յարկին տակ, մեր ժողովականութեան կողմէ, սակայն անոնց մասնակից էք բոլորդ, ծխական շրջաններ, կրթական համակարգի, միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։
Գիտէք, որ նորահաս սերունդի կրթութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ուսումնական հաստատութեանց առաջնահերթ նպատակներէն մէկն է։ «Կրթէ մանուկը ճամբան սկսելու ժամանակ» պատգամը անժամանցելի ուղեցոյց է մեր ազգային վարժարաններուն ու Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն համար։ Այս իմաստով, աւարտող տարին եղաւ անկիւնադարձային՝ Կրօնական ժողովի անդամ մեր եղբայրներուն ու Կիրակնօրեայ դպրոցներու դաստիարակներուն հետ գործակցաբար, բարեփոխութեան ենթարկեցինք Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշխատանքային դրութիւնը, որ դառնայ աւելի՛ արդիւնաւոր, քայլ պահէ արդիականութեան հետ եւ Կիրակնօրեան մեր մանուկներուն ու պատանիներուն համար ըլլայ աւելի ներգրաւող։ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին ծիրին մէջ գործող Կիրակնօրեայ դպրոցներու կառոյցը ունեցաւ իր մնայուն վարիչ քարտուղարը, որուն պարտականութիւն տրուած է համակարգել ու համադրել այս աշխատանքները։ Տեսուչներն ու ներկայացուցիչ ուսուցիչները կանոնաւոր հերթականութեամբ հանդիպումներ կ՛ունենան, մշակելու եւ իրագործելու քրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրներ, որոնք չեն սահմանափակուած միայն տեղական մակարդակով, այլ կը նպատակադրեն կազմակերպել միջ-դպրոցական հանդիպումներ, ապա նաեւ մեր աշակերտութիւնը հաղորդակցութեան կապի մէջ դնել Միջին Արեւելքի Ուղղափառ եկեղեցիներու մեր քոյր համայնքներու դաստիարակներուն եւ աշակերտութեան հետ։
Մեր ծխական կարգ մը շրջաններու կեանքը ապրեցաւ վերաթարմացում։ Երեք շրջաններու մէջ կատարեցինք հովուական նշանակումներ. մեր տնօրինումով եւ Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան որոշումով, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, որ նախապէս կը ծառայէր Արեւելեան թեմին մէջ։ Նմանապէս նոր երիտասարդ հովիւով մը օժտուեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցին, ուր հոգեւոր ծառայութեան կոչուեցաւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան. ան նախապէս կը ծառայէր Յունաստանի մեր թեմին մէջ։ Իսկ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանանի թեմէն ծառայութեան հրաւիրուեցաւ Արսէն քհնյ. Գասապեանը, որ անցեալին, նմանապէս ծառայած է Արեւելեան թեմին մէջ։ Վստահ ենք, որ երիտասարդ հոգեւոր հովիւներու ներկայութիւնը ինքնաբերաբար նոր մղում եւ աշխուժութիւն կը բերէ ծխական աշխատանքներու։ Նորերուն կը մաղթենք անսպառ եռանդ եւ կորով, իսկ հանգստեան կոչուած մեր հոգեւոր եղբայրներուն կ՛ըսենք ձեր վարձքը կատար, վստահ ենք, որ դուք մեր կողքին պիտի մնաք եւ ամենայն պատրաստակամութեամբ պիտի շարունակէք ծառայել մեր թեմին ու մեր ժողովուրդին։
Ծխական շրջաններու մէջ կատարուած նշանակումներու ծիրին մէջ, կ՛ուզենք յիշատակել նաեւ երկու շրջան. արդարեւ, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան հոգեւոր ծառայութեան կոչուեցաւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր տաճարին մէջ, ստանձնելով հոգեւոր տեսուչի առաքելութիւնը, միեւնոյն ատեն հոգածու մնալով Նորթ Հոլիվուտի մեր ծխական համայնքին, մինչեւ շրջանին համար նոր հովիւի մը նշանակումը։ Իսկ Հրանդ Ա. քհնյ. Երէցեան նշանակուեցաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ երկրորդ հոգեւոր հովիւ։ Մեր ու ծխական այս շրջաններուն սպասումն է, որ նոր ուժերով, մեր այս ծուխերը ապրին նոր ծաղկում, իսկ պէ՞տք է յիշենք, որ մեր հոգեւոր եղբայրներուն ծառայութիւնները չեն սահմանափակուած միայն իրենց ծխական շրջաններով, այլ անոնք ըստ կարելւոյն իրենց աշխատանքէն բաժին կը հանեն թեմական գործունէութեանց, ինչպէս՝ մեր հրատարակութիւններն ու Կիրակնօրեայ դպրոցները, երիտասարդական միաւորները, Ս. Գրոց սերտողութեան պահերն ու բանտարկեալներու հոգեւոր մատակարարութիւնը։
Մեզի միացող նոր ուժերէն է նաեւ Ս. Աթոռոյս միաբանութեան անդամներէն Պօղոս աբեղայ Թինքճեան, որ Ս. Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով, մեր թեմը առաքուած է աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման համար։ Հայր Պօղոս կը հետեւի «Fuller» աստուածաբանական համալսարանի դասընթացքներուն, սակայն ինքզինք չէ «արգելափակած» համալսարանի սահմաններուն ու գիրքերու աշխարհին մէջ, այլ ըստ կարելւոյն, իր ծառայական մասնակցութիւնը կը բերէ Ս. պատարագ մատուցելով, քարոզելով ու յանձնախմբային աշխատանքներով։ Ան ի մօտոյ նաեւ նոր պաշտօնի մը պիտի կոչուի։
Ինչպէս գիտէք, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը առանձին չեն գործեր, այլ ունին գործակից ձեռքեր. եթէ ծխական շրջաններուն մէջ գործակիցները երեսփոխաններ, հոգաբարձութիւններն ու անոնց կողքին աշխատող միաւորներն են, Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ կեանքի կոչուած են շարք մը յանձնախումբեր, որոնք մասնակից են մեր ծառայութիւններուն ու դաստիարակչական աշխատանքներուն։ Անոնց շարքին են CASPSը՝ հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներուն օժանդակութիւններ տրամադրող յանձնախումբը, Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբը, որ դասախօսական եւ մշակութային ձեռնարկներով կ՛արդարացնէ իր անունը, Ազգ. առաջնորդարանիս Շէնքի հոգածութեան յանձնախումբը, Իրաւական հարցերու, եւ մեր կալուածներուն հոգածութիւնը յանձն առած յանձնախումբերը, տակաւին՝ մեր վարժարաններուն վերահսկողութիւնն ու կարիքները հոգացող Խնամակալ մարմինը եւ Ազգ. առաջնորդարանիս Տիկնանց օժանդակ մարմինը։ Սա պահուն, կ՛ուզենք յատուկ յիշատակութեան արժանացնել երկու նոր յանձնախումբեր. առաջինը, մեկնելով Ազգ. երեսփոխանական ժողովի տրամադրութիւններէն, գործի լծուած է Հայերէն լեզուի պահպանման ու վերականգնումի առաքելութեամբ. ամիսներու լուռ աշխատանքէ ետք, այս յանձնախումբը ի մօտոյ մեր ժողովուրդին պիտի ներկայանայ շօշափելի ծրագիրներով ու աշխատանքի մարտահրաւէրներով։ Նմանապէս Ազգ. երեսփոխանական ժողովի տրամադրութիւններէն մեկնելով, աշխատանքի կոչուած է Երիտասարդական յանձնախումբ մը, որ կոչուած է քննարկելու մեր երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ ներգրաւելու կարելիութիւնները եւ մշակելու համապատասխան ծրագիրներ։ Չենք ուզեր այս հանգրուանին աւելի մանրամասնել, որովհետեւ կանխահաս յայտարարութիւնները մեր սովորութեանց մաս չեն կազմեր։
Ինչպէս նախընթաց տարիներուն, աւարտող տարուան ընթացքին եւս, Ազգ. առաջնորդարանս ունեցաւ հրատարակչական պատկառելի աշխատանք։ «Հոգեւոր Պրիսմակ» պաշտօնաթերթին բնականոն ընթացքին կողքին, լոյս ընծայեցինք եւ հրատարակութեան պատրաստեցինք շարք մը հատորներ, որոնց մէջ «Առիւծի Բաժինը» վերապահեցինք Հայ Մօր Տարուան նուիրուած գործերու։ Մեզի համար հոգեկան ցնծութեան յատուկ առիթ էր հրատարակութիւնը աշակերտական աղօթքներու եւ մաղթանքներու գրքոյկի մը, որուն մէջ ամփոփուեցան մեր մատղաշ ու պատանի աշակերտներուն գրութիւնները։ Վստահ եմ դուք ալ պիտի ուրախանաք, երբ սա պահուն ձեզի ըսեմ, թէ մեր Կիրակնօրեայ եւ Ազգային վարժարաններու աշակերտները սիրով ընդառաջեցին մեր հրաւէրին եւ Հայ Մօր Տարուան առիթով, գողտրիկ աղօթքներ, ոտանաւորներ ու մաղթանքներ նուիրեցին իրենց մայրերուն։ Կ՛օրհնենք այս հատորին մասնակցութիւն բերող աշակերտները, բարձր կը գնահատենք անոնց ուսուցիչներուն ու դաստիարակներուն ճիգը, մեր տնօրէններուն ու տեսուչներուն գործակցութեան ոգին։ Այս հատորը հպարտութիւն կը պատճառէ բոլորիս եւ մնայուն յիշատակ մը պիտի ըլլայ Հայ Մօր տարիէն։ Նմանապէս Հայ Մօր տարուան առիթով, մամուլի տակ է մայրերու նուիրուած բանաստեղծութիւններու եւ գրութիւններու հաւաքածոյ մը։ Ազգ. առաջնորդարանս վերահրատարակեց նաեւ ծանօթ դաստիարակ եւ մտաւորական Կարօ Պետրոսեանի «Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Տօներ եւ Ազգային Աւանդութիւններ» հատորը, հեղինակին կողմէ հարստացուած եւ ճոխացուած բովանդակութեամբ, հայերէն ու անգլերէն տարբերակներով։ Տակաւին, վերահրատարակութեան պատրաստ է մեր եկեղեցւոյ Ծիսարանը, որ վերջերս սպառած էր։ Զայն կը վերահրատարակենք որոշ բարեփոխումներով ու պատշաճեցնելով Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Սեպտեմբերին տեղի ունեցած Եպիսկոպոսաց ժողովին տրամադրութիւնները նկատի ունենալով։
Աւարտող տարուան ընթացքին, սիրելիներ, Ս. Էջմիածինի կամարներուն տակ տեղի ունեցած Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովը, հրաւէրովը մեր եկեղեցւոյ երկու հայրապետներուն՝ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն, իսկապէս որ պատմական հանգրուան էր բազմաթիւ իմաստներով, եւ որուն անձամբ մասնակցելու պատիւն ու պատեհութիւնը ունեցանք մենք։ Դարերէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, մեր նուիրապետական չորս աթոռներուն եպիսկոպոսները միասնաբար ժողով ունեցան, քննարկելու համար մեր եկեղեցին յուզող անմիջական հարցեր, սակայն նաեւ անմիջական մարտահրաւէրներ։ Այսօր, կը կանգնինք մեր ժողովուրդին դէմ գործուած պատմական ահաւոր ոճիրին հարիւրամեակի սեմին։ Եթէ մեր եկեղեցւոյ ծիսակատարութեանց համակարգումի եւ համաչափութեան վերահաստատումի առաջադրանքը անմիջականօրէն Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դիմաց կանգնող մարտահրաւէր է, մեր 1.5 միլիոն նահատակներու սրբադասումը, Ցեղասպանութեան 100ամեակին ոգեկոչումը, Հայաստանի ու Արցախի վերականգնումը, ու տակաւին, Սուրիոյ տագնապահար մեր գաղութին օգնութեան ձեռք երկարելու մարտահրաւէրները համազգային պարտաւորութիւններ են, իսկ պատմութիւնը վկայ է, որ մեր եկեղեցին, իր նուիրապետական աթոռներով, միշտ ալ եղած է ու պիտի մնայ համազգային նման մարտահրաւէրներ դիմագրաւող յառաջապահ դրօշակիր մը։ Այս իմաստով, գործնական նորագոյն արտայայտութիւն մըն է վեհափառ հայրապետներու յանձնարարութեամբ Եպիսկոպոսաց Ժողովի այն որոշումը, որուն համաձայն, 2 միլիոն տոլարի հիմնադրամ մը պիտի գոյանայ նպաստ տրամադրելու համար Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ մեր ժողովուրդի կարօտեալ զաւակներուն։ Մեր Թեմը եւս շօշափելի եւ գործնական մասնակցութիւն պիտի բերէ հանգանակային այս աշխատանքին։
Քիչ առաջ անդրադարձայ մեր նորահաս սերունդներուն տրամադրուած հոգեւոր խնամքին եւ այդ ուղղութեամբ տարուած մեր աշխատանքներուն։ Սա պահուն, կ՚ուզեմ կարեւորութեամբ անդրադառնալ նաեւ մեր նոր սերունդի մտային, հոգեկան աճն ու հայկականութեան պահպանումը յանձն առած մեր կրթական համակարգին, մեր թեմի Ազգային վարժարաններուն եւ անոր ծառայողներուն։ Կ՛ուզեմ յատուկ գնահատանք արձանագրել Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին, տնօրէններուն, վարիչներուն, դաստիարակներուն եւ հայ ծնողներուն, որոնք հոգւով, սրտով ու ձեռքերով բարձր կը պահեն հայ դպրոցին դրօշը։ Եկէք, ծափահարութեամբ մեր գնահատանքը արտայայտենք Խնամակալ մարմնին, մեր տնօրէններուն եւ կրթական մշակներուն։
Մեր վարժարանները ունին նուիրատուներ եւ բարերարներ, առանց որոնց աջակցութեան, մեր դաստիարակչական առաքելութիւնը պիտի չըլլար այն, ինչ որ է այժմ։ Այս առիթով, կ՛ուզեմ շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղել «Dream Fund»ին, որ, ինչպէս գիտէք, վերջին տարիներուն պատկառելի յատկացումներով մեծապէս կը նպաստէ մեր վարժարաններու բարելաւման։ Կը յուսանք, որ այս տարի եւս, մեր վարժարանները վայելեն իշխանական զօրակցութիւն մը։
Երբ կը խօսինք մեր կրթական հաստատութեանց մասին, սա պահուն կ՛ուզեմ ձեզ բաժնեկից դարձնել հաճելի անակնկալի մը։ Գիտէք, որ Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանը տարիներէ ի վեր կը ծրագրէր ունենալ մարզասրահ մը. այդ երազը իրականացման առաջին քայլը առաւ 2011ի Հոկտեմբերին, երբ մեր թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան առիթով, վեհափառ հայրապետը կատարեց անոր հիմնօրհնէքը։ Այսօր, մարզասրահը արդէն մարմին առած է եւ կը յուսանք, որ շուտով կը հասնի իր լրումին։ Ուրախ եմ յայտարարելու, որ Ազգ. առաջնորդարանիս բարերարներէն ու բարեկամներէն տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան գնահատելով մեր ազգային վարժարաններու սերնդակերտ առաքելութիւնը եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնելով իրենց զաւակներուն՝ Փիթըրի եւ Գեւիկի ստացած հայեցի կրթութիւնը եւ այժմ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանէն եւ Ռիչըրտ Թիւֆէնկեան մանկամսուրէն իրենց թոռներուն վայելած դաստիարակութիւնն ու հոգածութիւնը, սիրայօժար կերպով յանձն կ՚առնեն մարզասրահին գլխաւոր բարերարութիւնը, 250,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարելով։ Այսու հպարտութեամբ պաշտօնապէս կը յայտարարեմ որ մարզասրահը պիտի կոչուի «Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան» մարզասրահ։ Պաղտասարեան ընտանիքի բարերարութիւնները կերտած են իրենց օրինակելի պատմութիւնը։ Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան ամոլին հոգածու ձեռքը աջակից եղած է ու կը մնայ մեր թեմի միութեանց, կրթական ու մամլոյ հաստատութեանց, կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն, կը տարածուի մինչեւ Հայաստան եւ Արցախ։ Բարեգործութիւնը նաեւ վերածուած է ընտանեկան աւանդութեան ու ժառանգութեան։ Յանուն Ազգային վարչութեան, Խնամակալ մարմինին, վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսումնական մարմինին, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեանի. թող Աստուած բազմապատիկ վարձահատոյց ըլլայ ձեզի եւ ձեր նուիրաբերումը դարձնէ օրինակելի։
Սիրելի հարազատներ,
Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ ձեր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը։ Թող 2014 տարին ըլլայ խաղաղութեան ու բարիքներով լի տարի մը։ Կ՛աղօթեմ որ մանաւանդ Սուրիան վերագտնէ իր խաղաղ ու բնական վիճակը, շրջանի հայութիւնը թօթափէ պատերազմական վիճակի տաժանքը, վերակառուցէ սեփական ու ազգի տուները, վերակենսաւորէ գաղութի կեանքը եւ վերամիանայ հայակերտումի եւ հայրենաշինութեան վսեմ գործին, որուն սփիւռքեան ռահվիրաներէն եղած է ան։
Եկէք 2014 տարին ապրինք սիրով եւ հաճութեամբ, հանդուրժողութեամբ եւ Աստուածահաճոյ կեանքով, եւ միայն այն ատեն ըմբռնած կ՛ըլլանք Ս. Ծննդեան մեծ եւ սքանչելի խորհուրդը երբ միասնաբար գոչենք ըսելով.
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ։
Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի։
Օրհնեալ ըլլաք բոլորդ։
Աստուած բոլորիդ հետ։
Շնորհակալութիւն բոլորիդ։