ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ցաւ յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը կը շարունակէ նախապայմաններ ներկայացնել՝ աւելցնելով, որ ռուսական կողմը, «Ժընեւ-2»էն առաջ, սուրիական կողմերուն հետ բարձր մակարդակի շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ:
Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու անոր պաշտօնակից Ճան Քերի Փարիզի մէջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի նախապատրաստութեան միացեալ աշխատանքները շարունակելու համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Միւս կողմէ, թրքական «Սապահ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Թուրքիոյ օդուժը ռմբակոծած է Սուրիոյ սահմանին վրայ գտնուող «Քայիտա» խմբաւորման զինեալները՝ ի պատասխան այնտեղէն արձակուած հրթիռներու: Նշեալ զինեալները, որոնք տեղակայուած են թուրք-սուրիական սահմանի սուրիական հատուածին մէջ, Հինգշաբթի օր ռմբակոծած էին թրքական Աքչաքալէ բնակավայրը: Ռմբակոծման պատճառով, մարդկային վնասներ չէին արձանագրուած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.