ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Հինգշաբթի, Յունուար 9ին Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Էմիր Հարէս Շեհապը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Էմիր Շեհապ Մարոնիթ պատրիարքին կողմէ ղրկուած էր վեհափառ հայրապետին մօտ խորհրդակցելու համար քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կազմակերպելու ծրագիրին շուրջ: Վեհափառը ողջունեց նման հանդիպման մը կայացումը՝ շեշտելով, որ հեռու պէտք է պահել զայն քաղաքական հարցերէ ինչպէս նաեւ միջ-իսլամական հակասութիւններէ, ընգծելով Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը՝ շրջանէն ներս տեղի ունեցող տագնապներուն յարաբերաբար: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան նախագահական ընտրութիւնները եւ «Ժընեւ 2»ը:
ՍԻՒՆՆԻ ԵՒ ՇԻԻ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ
Աւելի ուշ, վեհափառ հայրապետը ընդունեց շիի եւ սիւննի համախմբումին մաս կազմող վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներ: Անոնք եկած էին՝ առաջին, վեհափառին պարզելու ընդհանրապէս շրջանէն ներս տիրող կացութիւնը ու մասնաւորաբար շիիսիւննի հակասութիւններու ժխտական անդրադարձը: Երկրորդ, վեհափառին հետ խորհրդակցելու կարգ մը նախաձեռնութիւններու մասին, թէ՛ լիբանանեան եւ թէ միջին արեւելեան մակարդակներու վրայ, հակադիր կողմերու տեսակէտները մօտեցնելու եւ գործակցութիւն յառաջացնելու համար, եւ երրորդ՝ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայութիւնը զօրացնելու շրջանէն ներս: Յիշեալ հարցերուն գծով հայրապետը իր մտահոգութիւններն ու տեսակէտները պարզեց: Ան շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներու ներկայութեան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս, եւ այս ուղղութեամբ իսլամ կրօնական ու քաղաքական կառոյցներու զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը նաեւ շեշտեց երկխօսութեան կենսական կարեւորութիւնը՝ ըսելով, որ հարցերը կարելի չէ զէնքի ուժով լուծել, այլ միայն՝ երկխօսութեան ճամբով:
ՆԱԽԿԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԱՀՏԱՊ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Այցելուներու կարգին էր նաեւ նախկին երեսփոխան եւ Թրիփոլիի սիւննի ղեկավարներէն Մսպահ Ահտապը: Ան հայրապետին պարզեց հիւսիսային Լիբանանէն ներս տիրող քաղաքական ու ապահովական կացութիւնը: Իր մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքէն ներս տիրող կացութեան ունեցած ժխտական հետեւանքներուն Լիբանանի ներքին կացութեան վրայ, ու ապա շեշտեց նոր կառավարութեան կազմութեան ու նախագահական ընտրութեան հրամայականը: Վեհափառը իր կարգին ընդգծեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը ճշդուած ժամանակին կատարելու ու սահմանադրական սկզբունքները յարգելու յոյժ կարեւորութիւնը: Վեհափառը նաեւ յիշեցուց, որ ինչպէս Ս. Ծննդեան իր քարոզին մէջ շեշտած էր, Լիբանանի ունեցած բարեկամութիւնները արտաքին ուժերուն հետ պէտք չէ վերածուին ենթակայութեան: Լիբանանը իր ինքնորոշման անկախութիւնը պէտք է պահէ ու Լիբանանի գերագոյն շահերը գերիվեր նկատէ համայնքային կամ շրջանային շահերէ ու հաշիւներէ: