
Յունուար 11ին Պուլկարիոյ Շումեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Պուլկարիոյ Հայոց թեմի Թեմական պատգամաւորական ընդհանուր ժողովը, որուն կը մասնակցէին 51 պատգամաւորներէն 40ը՝ ընտրուած Պուլկարիոյ հայաշատ բոլոր քաղաքներէն:
Պուլկարիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Աբգար վրդ. Յովակիմեան իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց բոլոր պատգամաւորներուն եւ ներկայ հաւատացեալներուն: Ժողովի բացման ներկայ էր նաեւ Շումենի նահանգապետ Վենցիսլաւ Վենկով, որ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց ժողովականներուն եւ մաղթեց արդիւնաւէտ ընտրութիւններ:
Ժողովը շարունակուեցաւ «Շումեն» հիւրանոցի հանդիսութիւններու դահլիճէն ներս: Ժողովը կը վարէր Վառնայի ընդհանուր դատարաններու գլխաւոր դատաւոր Վանուհի Առաքելեան՝ առաջնորդական տեղապահ Աբգար վրդ. Յովակիմեանի նախագահութեամբ:
Պուլկարիոյ Հայոց թեմի գործող կանոնադրութեան համաձայն թեմական 40 պատգամաւորներէն գաղտնի ընտրութեամբ ընտրուեցան Թեմական խորհուրդի 9 անդամներ՝ Անդրանիկ Շաքարեան, Ռուբէն Չաուշեան, Սարգիս Քրաջեան, Տիրայր քհնյ. Հատաւեան, Սերժ Մանաշեան, Միհրան Գարեգինեան, Պօղոս Կարճարեան եւ Յակոբ Կիւրեղեան. 2 փոխանորդներ՝ Պօղոս Մանուկեան եւ Շողեր Սիմոնեան:
Ժողովի աւարտին առաջնորդական տեղապահ Աբգար վրդ. Յովակիմեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր թեմական պատգամաւորներուն իրենց մասնակցութեան համար, իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց նախկին Թեմական խորհուրդի անդամներուն եւ շնորհաւորեց նորընտիր Թեմական խորհուրդի անդամները՝ մաղթելով բարի եւ աստուածահաճոյ ծառայութիւն: