
Յունուար 10-11-12ի շաբաթավերջին, ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան (ՔԵՄ) «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու 40 անդամներ հաւաքուեցան Քեպեքի «Արունտել» (Arundel) բանակավայրը, իրենց տարեկան ձմեռնային սեմինարի աշխատանքները համադրելու համար:
Բանակում-սեմինարը նուիրուած էր Արցախի ազատամարտիկ Բեկոր Աշոտի յիշատակին, իսկ սեմինարի կարգախօսն էր Բեկորի խօսքը՝ «Ամէն հայ պիտի զգայ, որ առանց իրեն հայրենիքը կը փլուի»: Բանակումին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Բեկոր Աշոտին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէն մը: Սեմինարին ընթացքին ՔԵՄականներուն փոխանցուեցան շարք մը դաստիարակչական նիւթեր: