
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկայի Հայ Դատի հիմնադրամի 2014ի պատկերասփիւռային դրամահաւաքին՝ «ANCA Telethon 2014»ին, մեկնարկն ու մանրամասնութեանց մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենան Ուրբաթ, Յունուար 31ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ (211 West Chestnut Street, Glendale CA 91204):
Մեկնարկին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան շարք մը բանախօսներ, գլխաւորութեամբ՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Հիմնադրամի տնօրէն Քեն Խաչիկեանի, տեղեկութիւններ փոխանցելու համար դրամահաւաքին յաջողութիւնը ապահովելու աշխատանքներուն, համայնքին առաւելագոյն մասնակցութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն, դրամահաւաքի հաղորդման տարողութեան ու անոր ընթացքին ցուցադրուելիք յայտագիրներուն մասին: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ դրամահաւաքի խորհրդանիշին բացայայտումը:
Ամերիկայի Հայ Դատի հիմնադրամը նեցուկ կը կանգնի կրթական, երիտասարդական ու քաղաքացիական շարք մը ծրագիրներու՝ գլխաւոր նպատակ ունենալով լաւապէս տարածել ամերիկահայութեան ձայնն ու տեսակէտները, զօրացնելով ամերիկեան քաղաքացիական կեանքին մէջ հայութեան ներկայութիւնը, միաժամանակ դէմ դնելով հայ ազգի շահերուն դէմ գործող ուժերուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի հիմնադրամին ի նպաստ պատկերասփիւռային նախկին դրամահաւաքները տեղի ունեցած էին 2006ին, 2009ին ու 2012ին, հաւաքելով աւելի քան 6.5 միլիոն տոլար գումար մը՝ ի նպաստ Հայ Դատի աշխատանքներուն: