ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի զինուորականները 1960ականներուն սկիզբը կենսաբանական զէնքի փորձարկում կատարած են Ճափոնի հիւսիսը՝ Օքինաուա շրջանին մէջ: 1961-1962ին, ամերիկացի զինուորները կատարած են առնուազն 10 փորձարկումներ, սակայն չի նշուիր, թէ այդ փորձարկումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու ռազմական կայանի տարածքի՞ն, թէ ատոր սահմաններէն դուրս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.