
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի արուեստի վաս-տակաւոր գործիչ, գեղարուեստական ղեկավար Արամ Ղարաբեկեանի մահուան առիթով ստեղծուած կառավարական յանձնաժողովի նիստը: Արամ Ղարաբեկեանի վերջին հրաժեշտը տեղի պիտի ունենայ 29 Յունուարին՝ ժամը 12:00-14:00, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ, յուղարկաւորութիւնը՝ ժամը 14:00ին, Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ: