ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ռոսիսքայա Կազեթա» թերթը, վկայակոչելով հարաւային քորէական մամուլը՝ կը հաղորդէ, որ այսուհետեւ Սէուլ տարեկան 900 միլիոն տոլար պիտի վճարէ Միացեալ Նահանգներուն, որ Հարաւային Քորէայի տարածքին աւելի մեծ զինուորական ներկայութիւն պիտի ունենայ: Միացեալ Նահանգներ վերջերս Հարաւային Քորէայի մէջ իր զօրքերուն թիւը բարձրացուցած էր, ու ներկայիս 28,500 ամերիկացի զինուոր հաստատուած է հոն: Սէուլ-Ուաշինկթըն նոր համաձայնութիւնը ի զօրու պիտի մնայ 5 տարի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.