
(Ծնեալ՝ 1935ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, աներոջ, մօրեղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին՝ Բիւզանդ Քէյվանեանի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, Յունուար 26, 2014ին, Լիբանանի մէջ:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները կատարուեցան Ուրբաթ, Յունուար 31, 2014ին, Լիբանանի մէջ:
Հանգուցեալին հոգւոյն յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, Փետրուար 9, 2014, կէսօրէն ետք ժամը 2ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., Encino, CA 91316:
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Ռենա Քէյվանեան եւ դուստրը՝ Քեթի (Լիբանան)
Զաւակները՝ Սարգիս եւ Քարլա Քէյվանեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Վաչէ եւ Աննա Քէյվանեան եւ զաւակները
Նեպիլ եւ Պեթի Քէյվանեան-Ազզուզ եւ զաւակները (Ֆրանսա)
Քոյրերը՝ Անժէլ եւ Բիւզանդ Տէր Գրիգորեան եւ զաւակները
Ալիս եւ Յակոբ Սարաֆեան
Եւ համայն Քէյվանեան, Թերզեան (Լիբանան), Մուպայեաճեան (Լիբանան), Նարպեկեան, Ազզուզ (Լիբանան), Շահինեան, Տէր Գրիգորեան, Պորուճեան, Գազեզեան, Բագլայեան, Հինտոյեան, Տաղլեան, Գլըճեան ընտանիքներն ու հարազատները: