
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Շարժայի կառավարիչ շէյխ Սուլթան պըն Մուհամմետ Քասիմիի հրաւէրով աշխատանքային այցելութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը 30 Յունուարին այցելած են Շարժայի Ամերիկեան համալսարան, ուր տեղի ունեցած է Շարժայի կառավարիչ շէյխ Սուլթան պըն Մուհամմետ Քասիմիի պարգեւատրման արարողութիւնը: Ներկայ եղած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մօտ Հայաստանի դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեանը, բարձրաստիճան հիւրեր, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Յ. Աբրահամեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շէյխին յանձնած է Հայաստանի պատուոյ շքանշանը՝ Հայաստանի եւ Էմիրութիւններուն միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման եւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման իմաստով ունեցած նշանակալի աւանդին համար:
«Արաբական աշխարհի հետ Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի ջերմ բարեկամութեան խօսուն վկան է մեր բազմադարեան ընդհանուր պատմութիւնը, որի հիմքի վրայ այսօր յաջողութեամբ զարգանում են միջպետական յարաբերութիւնները: Հայաստանը մեծ նշանակութիւն է տալիս Ծոցի արաբական պետութիւնների հետ եւ, առաջին հերթին, անշուշտ, բարեկամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնների հետ յարաբերութիւնների զարգացմանը», յայտնած է ան։
Հայաստանի նախագահին անունով Յ. Աբրահամեան շէյխ Սուլթան պըն Մուհամմետ Քասիմին հրաւիրեց Հայաստան։
Շէյխը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով այս պարգեւին համար՝ դիտել տուած է, որ պատրաստակամ է շարունակել համագործակցութեան իմաստով ներդրում ունենալ։ Ան բարձր գնահատած է հայ եւ արաբ ժողովուրդներու դարաւոր ջերմ բարեկամութիւնը եւ անհրաժեշտ նկատած զայն առաւել եւս ամրապնդել։