
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Երեքշաբթի, 28 Յունուարի երեկոյեան, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գլխաւոր տեսաբան-գաղափարախօսներէն Միքայէլ Վարանդեանի «ՀՅԴ Պատմութիւն» խորագրեալ զոյգ հատորներու միացեալ հրատարակութեան շնորհահանդէսը՝ ներկայութեամբ նախարարներու, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:
Համազգայինի անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքերեան, որ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց ձեռնարկի յայտագիրին գլխաւոր կէտերը եւ այս առիթով խօսք առնող բանախօսներուն անունները:
Ապա հատորի խմբագիր Վիգէն Աւագեան խօսեցաւ Վարանդեանի զոյգ հատորներու միացեալ հրատարակութեան շարժառիթներուն, նպատակներուն եւ միջոցներուն մասին: «Պատմական այս հանգրուանին մասին շատ բան գրուած է եւ դեռ պիտի գրուի: Վերջին տարիներուն լոյս տեսան նորանոր հատորներ. Գէորգ Խուդինեան, Աշոտ Մելքոնեան, Աշոտ Ներսիսեան բաւական լոյս սփռեցին այդ ժամանակաշրջանի անցուդարձերուն վրայ: Հոս, Լիբանանի մէջ, 2009ին, Հրաչ Տասնապետեանի «Պատմութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան» գործին հրատարակումով կարեւոր բաց մը գոցուեցաւ: Անշուշտ, առանց մոռնալու Երուանդ Փամպուքեանի «Նիւթեր»ու շարքը, որ պատմական աղբիւրներու հարուստ շտեմարան մը հրամցուց մեզի», ըսաւ Աւագեան եւ աւելցուց. «Մեր նշած բոլոր գործերը ուսումնասիրական աշխատանքներ են, գրուած մեզի՝ ժամանակակից դէմքերու կողմէ, աղբիւրներու եւ փաստաթուղթերու հիմամբ: Բոլորն ալ արժէքաւոր գործեր են, սակայն պակասաւոր կը մնան, այնքան ատեն որ դէպքերու եւ դէմքերու ներկայացումէն, պատճառ-հետեւանքներու բնորոշումէն անդին չեն խորանար մեր հաւաքական անհատականու-թեան, մեր ենթակայական աշխարհի յայտնաբերման մէջ»:
Վ. Աւագեան շարունակեց՝ նշելով. «Միքայէլ Վարանդեան, Ղարաբաղի բարձունքներէն եկած Դաշնակցութեան տեսաբանը, պատմագիտական իր հմտութիւններուն կողքին, ենթակայական աշխարհի մարդ է, ապրումներու, զգացումներու արտայայտիչն է: Տեղեկութիւն, վերլուծութիւն, գիտական խստութիւն եւ բծախնդրութիւն ներկայ են իր գործին մէջ, բայց նաեւ անոնց կողքին կան հայութեան որակը, հայկական յեղափոխութեան եւ այս պարագային՝ ՀՅԴի ինքնուրոյն դիմագիծը ներկայացնելու յստակ ճիգն ու շեշտը: Պատասխանատու եւ մեծակշիռ գործ է այս մէկը. լուսարձակի տակ առնել եւ ըստ այնմ վերլուծել ու վերարժեւորել ազգի մը կեանքը, անոր հոգեմտաւոր-քաղաքական-գաղափարական աշխարհը, հարազատ նկարագիրը, ճակատագիրը, եթէ կ՛ուզէք: Այս մէկը կը պահանջէ թէ՛ արուեստ եւ թէ գիտութիւն, ինչ որ ներկայ է Վարանդեանի մօտ»:
Աւագեան անդրադարձաւ հատորի բովանդակութեան՝ մէկ առ մէկ ներկայացնելով իւրաքանչիւր գլուխի ընդգրկած նիւթը, ապա ըսաւ. «Վարանդեանի մահուան 80ամեակին առիթով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը շնորհակալ գործ կը կատարէ այս երկու հատորները լոյսին բերելով»: Աւագեան նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հատորի մեկենասներուն՝ տէր եւ տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեաններուն: Գիրքը նուիրուած է հաւատաւոր դաշնակցական Մատթէոս Պէրպէրեանի յիշատակին: Խմբագիրը նաեւ անդրադարձաւ հատորին՝ իբրեւ ձեւ, նշելով երկու կէտ.
ա) Այս հատորը մէկ հրատարակութեան մէջ կը համախմբէ Վարանդեանի երկու հատորները եւ կը միօրինականացնէ հրապարակագրական հեւքով գրուած տարբեր հատորներու, երբեմն նոյն հատորի տարբեր գլուխներուն մէջ տարբեր ձեւերով գրուած անունները, տեղանունները եւ կարգ մը ըսելաձեւեր: 26 գլուխ եւ 4 գլուխ. ընդամէնը՝ 30 գլուխ:
«Վարանդեան հրապարակագիր մարդ է եւ կը սիրէ ընդգծումներ եւ շեշտադրումներ կատարել: Վերամշակման ժամանակ ան յաճախ լրացումներ կը կատարէ էջատակի «ֆութնօթ»ներով, որոնք երբեմն իրենց կարգին էջեր կը լեցնեն: Այս բոլորը խմբագիրէն կը պահանջեն բծախնդիր եւ համբերատար աշխատանք, պատմութեան թելը չկորսնցնելու եւ հիմնականը երկրորդականէն կարենալ զանազանելու համար», ըսաւ Վ. Աւագեան:
բ) Այս հատորը կը ներկայացնէ անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկ, ինչ որ դաստիարակչական իմաստով կը դիւրացնէ անոր օգտագործումը բանասէրներու եւ պատմութեամբ հետաքրքրուողներու համար:
Իր խօսքի աւարտին Վիգէն Աւագեան անդրադարձաւ հատորի պատմագիտական ու դաստիարակչական արժէքին եւ ըսաւ. «Այս բոլորէն ետք, մեր կարծիքով, Վարանդեանի «ՀՅԴ Պատմութիւն»ը պատմագիտական արժէքաւոր սկզբնաղբիւր մը ըլլալու կողքին, դաստիարակչական իմաստով ու արժէքով գրուած հերոսապատում մըն է, տեսակ մը վկայարան եւ ներշնչարան գալիք սերունդներուն, որմէ կ՛արժէ որ օգտուին բոլո՛րը, բայց յատկապէս այսօրուան երիտասարդները, որպէսզի ծանօթանան պատմութենէն մեզի եկող հայութեան ներքին ձայնին եւ այդ ձայնին հարազատ արձագանգը հանդիսացող ՀՅ Դաշնակցութեան յարատեւ ու անսահման զոհաբերութիւններուն՝ ի խնդիր հայութեան պատմական իրաւունքներուն տիրացման եւ հայ մարդուն քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային իրաւունքներուն լիակատար նուաճման»:
Ապա խօսք առաւ Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գլխաւոր տեսաբան-գաղափարախօս Միքայէլ Վարանդեանի նկարագիրի յատկանշական գիծերուն, յատկապէս անոր՝ Դաշնակցութեան հաւատոյ հանգանակի ամրապնդման ճիգերուն մէջ ունեցած ներդրումին եւ ըսաւ. «Միքայէլ Վարանդեանի պատկառելի հատորներու միացեալ հատորի մէջ վերահրատարակութիւնը առիթ կու տայ խորհրդածելու, որ անիկա կրնայ նոր դռներ բանալ մեր երիտասարդութեան դիմաց: ՀՅ Դաշնակցութեան գրադարանը լայն տեղ տուած է հայ յեղափոխութեան, ՀՅԴի պատմութեան եւ զայն կերտած ՀՅ Դաշնակցութեան հաւատացողներու հսկայ բանակին, թողելով այն թիւր տպաւորութիւնը, որ ՀՅԴ չէ զբաղած տեսաբանական խնդիրներով, «պարապ վախտի խաղալիք»ով»:
Ապա Բագրատունի վերյիշեց ու մէջբերեց ՀՅ Դաշնակցութեան մէկ այլ տեսաբան-գաղափարախօս Հրաչ Տասնապետեանի այն խօսքը, թէ՝ «Յեղափոխութիւնը նախ գործ է, յետո՛յ գաղափար, բայց նաեւ ընդգծած է, թէ՝ յեղափոխութիւնը գործ է, գաղափարի՛ համար»: Բագրատունի նաեւ անդրադարձաւ Վարանդեանի այս հատորներու ընդգրկած պատգամին, որ «կը միտի պատրաստել գաղափարական ենթահող»: «Գաղափարն ու զէնքը միաձուլած Միքայէլ Վարանդեան, Արցախի Վարանդայ աւանի ծնունդ, տակաւին քսան տարեկանին հասաւ Ժընեւ՝ իբրեւ քաղաքական գիտութեանց ուսանող ու 29-30 տարեկանին ան արդէն անդամ ընտրուեցաւ ՀՅԴ Ա-րեւմտեան Բիւրոյի», ընդգծեց Բագրատունի՝ նշելով, որ Վարանդեան մահացած է Փարիզի մէջ, 22 Ապրիլ 1934ին:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց Վարանդեանի փոխանցած գաղափարական աւանդը եւ ըսաւ. «Ներկայ դարու արժէքաքանդումի, սուտ նորարարութեան այս օրերուն, առաջին ակնարկով, խենթ պէտք է ըլլալ խօսելու կամ մտածելու համար ՀՅ Դաշնակցութեան գրականութեան վերահրատարակութեան մասին: Կամովին բռնած ենք անդունդի ճամբան, քով-քովի դրուած թիւերու խմբակի կը վերածուինք»: Ապա նշելով այս հատորի ընթերցման անհրաժեշտութիւնը՝ Բագրատունի յայտնեց, որ զաւակը պէտք է ճանչնայ իր ծնողքը, ու մենք, մեր երիտասարդութիւնը, եթէ տակաւին ինքզինք կը նկատէ ՀՅ Դաշնակցութեան զաւակ, ապա պէտք է ճանչնայ ՀՅԴի արդիականութիւնը: ՀՅԴի գրականութիւնը հնամաշ չէ, հո՛ն են մեր գաղափարներուն հիմերը: Այսօր, երբ կը խօսինք Արցախի, æաւախքի, գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ, ընկերվարութեան արդարութեան մասին, կը մոռնանք, որ հո՛ն է մեր յեղափոխական աւանդը: Վարանդեանի վերահրատարակուած այս գործը ՀՅԴի տեսաբանական, գաղափարական ու կազմակերպական նոր ոգի, նո՛ր մղում եւ վերընձիւղող ուժ պիտի տայ բոլորիս», շեշտեց Բագրատունի:
Եզրափակելով, Յակոբ Բագրատունի ընդգծեց ՀՅԴի ղեկավարներուն, ՀՅԴ մամուլին հիմնական դերը ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան վերակենդանացման մէջ եւ ըսաւ. «Առանց պեղելու անցեալը, առանց պեղելու ՀՅԴի գաղափարական խորքը, մեր գաղափարական ենթահողը պիտի մնայ բոպիկ ու խարխափող»:
Ապա խօսք առաւ հատորի մեկենաս Ստեփան Տէր Պետրոսեան՝ նշելով, որ երբ ԼԵՄական էր, ԼԵՄի մէջ նախ եւ առաջ հայ երիտասարդը կը կարդար Միքայէլ Վարանդեանի «ՀՅԴ Պատմութիւն»ը եւ Ռուբէնի յուշերը: Տէր Պետրոսեան յատուկ յարգանքով յիշեց ՀՅԴ ղեկավար դէմքերէն Հրաչ Տասնապետեանի հովանիին տակ ՀՅԴ արխիւներու պեղումին մէջ մխրճուած Մատթէոս Պէրպէրեանը, որուն յիշատակին նուիրուած է այս հատորը: Ստեփան Տէր Պետրոսեան, նկատի ունենալով ներկայ արհեստագիտական պայմանները, առաջարկեց, որ այս հատորը իր կարգին մաս կազմէ համացանցային գրադարանին՝ զայն մատչելի դարձնելու համար հայ նոր սերունդին:
Իր կարգին, եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հատորի խմբագիր Վիգէն Աւագեանին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին եւ մեկենաս Տէր Պետրոսեան ամոլին՝ մէջբերելով Ստեփան Տէր Պետրոսեանի այն խօսքը, թէ՝ «Մատթէոսին մենք բան մը չըրինք», եւ առ այդ հատորը նուիրած է անոր:
Այս առիթով Սարին Փոլատեան կարդաց գիրքին յառաջաբանէն հատուած մը: