
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Ազատութիւն».– Պաշտօնական այցելութեամբ Չեխիա գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեմանի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վեր առած է այցելութեան բովանդակալից եւ արդիւնաւէտ մթնոլորտը, համագործակցութեան երկկողմանի օրակարգին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային արդիական նիւթերուն առնչուող բանակցութիւնները։ Անոր համաձայն՝ համագործակցութեան հեռանկարներ մշակուած են զանազան բնագաւառներու մէջ, ինչպէս նաեւ երկուստեք կարեւոր նկատած են հայ-չեխական միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը, որուն մեծապէս պիտի նպաստեն երկու խորհրդարաններուն մէջ ձեւաւորուած բարեկամութեան խումբերը:
«Պրահան կարեւոր նշանակէտ է Հայաստանի եւրոպական օրակարգում, որը մեր արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւններից է: Մօտ հինգ տարի առաջ հէնց այստեղ՝ Պրահայում Արեւելեան գործընկերութեան մեկնարկով Հայաստանը ստանձնեց Եւրոպական միութեան հետ աւելի սերտ համագործակցութիւն զարգացնելու յանձնառութիւնը, որը վերահաստատեցինք նաեւ անցած Նոյեմբերին Վիլնիւսի գագաթնաժողովում: Մենք հաստատակամ ենք Եւրոպական միութեան հետ մեր յարաբերութիւնները շարունակաբար խորացնելու եւ ընդլայնելու հարցում եւ այս առումով ակնկալում ենք բարեկամ երկրների, մասնաւորապէս Չեխիայի համակողմանի աջակցութիւնը», յայտնած է ան։ Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է իր չեխ պաշտօնակիցին՝ 24 Ապրիլին Փրակի մէջ կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին Հայաստանի եւս հրաւիրելուն համար:
«Մենք բարձր ենք գնահատում Չեխիայի Հանրապետութեան կառուցողական դիրքորոշումը՝ սատարելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորմանն ուղղուած ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների ջանքերին», հաստատած է նախագահ Սարգսեան՝ մտահոգութիւն յայտնելով Ատրպէյճանին ռազմատենչ քարոզչութենէն, սպառազինութիւններու մրցավազքէն եւ սահմանագիծին վրայ կիրարկած սադրիչ քաղաքականութենէն։ «Ժամանակն է, որ ադրբեջանական կողմը կառուցողական մօտեցում ցուցաբերի հիմնախնդիրը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով հանգուցալուծելու հարցում: Այստեղ պէտք է մի շատ կարեւոր շեշտադրում կատարեմ, պարոն նախագահ. հիմնախնդրի խաղաղ եւ տեւական կարգաւորման հարցում մենք ակնկալում ենք միջազգային հանրութեան անկողմնակալ մօտեցումը կամ առնուազն գործընթացին չվնասելու սկզբունքով առաջնորդուելը», ըսած է ան։
Նշենք, որ այս այցելութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ շարք մը բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման վերաբերող երկկողմանի փաստաթուղթերու ստորագրութիւն։
Նաեւ նշենք, որ խումբ մը տեղացի հայեր բողոքի ցոյց կատարած են նախագահ Սերժ Սարգսեանի դէմ, արտայայտելով իրենց ընդվզումը Մաքսային Միութեան մաս կազմելու որոշումին կապակցութեամբ: