ԼՈՆՏՈՆ.- «Ֆայնենշըլ Թայմզ»ը կը գրէ, որ 2013ի տուեալներով՝ Չինաստան առաջին անգամ ըլլալով համաշխարհային առեւտուրին մէջ յառաջատար դարձած է՝ շրջանցելով Միացեալ Նահանգները եւ տարին աւարտելով առեւտուրի մրցանշային ցուցանիշներով: Թերթին տեղեկութիւններուն համաձայն՝ անցեալ տարի Չինաստանի ներածման եւ արտածման ընդհանուր ծաւալը կազմած է 4.16 եռիլիոն տոլար՝ 2012ի համեմատ 7.6 տոկոսի աճ արձանագրելով:
Միացեալ Նահանգներու 2013ի առեւտուրի ամբողջական տուեալները յայտնի պիտի դառնան Փետրուարին, սակայն ըստ տարուան առաջին 11 ամիսներու տուեալներուն՝ ներածման եւ արտածման ընդհանուր ծաւալը կազմած է 3.57 եռիլիոն տոլար, ինչ որ կը վկայէ, թէ Ուաշինկթըն կարելիութիւն չունի Չինաստանէն առաջ անցնելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.