Սխալ Ուղի Ընտրելու Սայթաքումէն Աւելի Ծանր Է Սխալին Չանդրադառնալու Ինքնագոհութիւնը, Իսկ Սխալը Չուղղելու Մեծամտութիւնը Արդէն Աղէտ է
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Տարին լաւ չսկսաւ Հայաստանի համար։
Յունուար 18ին բողոքի ցոյցով Ազատութեան հրապարակը գրաւած բազմահազարանոց հաւաքը, այլ մանաւանդ ժողովրդային դժգոհութեան այդ ալիքին անտեսումն ու արհամարհումը օրուան իշխանութեանց կողմէ, հասկնալիօրէն չեն կրնար լաւ սկիզբի մը ազդանշանը նկատուիլ մեր երկիրին, նաեւ հանուր հայութեան համար։
Մինչ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, միջազգային բեմահարթակի վրայ, հաստատաքայլ յառաջ նետուած են՝ Հայկական Իրաւունքն ու Պահանջատիրութիւնը պետականօրէն խեղդելու իրենց քաղաքականութիւնը յառաջ մղելով, Հայաստան փաստօրէն 2014ի տարեմուտը կը սկսի ներքին հակադրութեանց ու բեւեռացումներու սաստկացման մթնոլորտին մէջ՝ քաղաքական անդամալուծութեան ծանրակշիռ վտանգը դիմագրաւելով։ Տարբեր գնահատանք կարելի չէ տալ Հայաստանի սպառնացող իշխանութիւն-ընդդիմադրութիւն լարուածութեան նորագոյն դրսեւորումին մասին։
Ի վերջոյ, 21րդ դարու երկրորդ տասնամեակին ապրող որեւէ հասարակութեան եւ պետութեան համար, կենսաթոշակային ապահովագրութեան սեփական համակարգին այս կամ այն ծրագիրով ընտրութիւնը սոսկ ընթացիկ քաղաքականութեան խնդիր չէ, ոչ ալ միայն այսօրուան սերունդները յուզող ռազմավարական ընտրանքի հարց է։
Ընդհակառա՛կն. Ազգի եւ Հայրենիքի հզօրութեան հիմնական շաղախին՝ ընկերային արդարութեան եւ հասարակական համերաշխութեան ապահովման մեծագոյն երաշխիքն է, որ վաղուան սերունդներուն առջեւ իր հունով հեռանկար կը բանայ կամ, սխալ ընտրանքի պարագային, հեռանկարէ կը զրկէ տուեալ ազգային պետականութիւնը։
Իսկ հայ ժողովուրդի պարագային ահա՛, դէմ յանդիման կանգնած ենք գործող իշխանութեան մը, որ ինչպէս արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառը յուզող ռազմավարական բախտորոշ ընտրանքի ճակատին վրայ, այնպէս ալ ներքին քաղաքականութեան կիզակէտը հանդիսացող ընկերային արդարութեան մարզէն ներս ամբողջական կամակորութեամբ կը շարժի, առաւելագոյնը՝ կը յօժարի լսելու տարբեր կարծիքներն ու դժգոհութիւնները, բայց գիտցածէն եւ որոշածէն ոչ մէկ գնով պատրաստ է վերանայումի եւ ինքնասրբագրումի։
Անշուշտ, անակնկալ չէ, որ մեր ժողովուրդը գործ ունի իր պետական զարգացումը այսպէս ինքնագոհ եւ ինքնակեդրոն մտայնութեամբ առաջնորդող քաղաքական ուժի մը հետ, որուն միակ «առաւելութիւնը» իշխանութեան ղեկը իր բուռին մէջ պահելու «հնարամտութիւն»ն է…
Չմոռնանք, որ սեփական ժողովուրդին հիմնաւոր մտավախութիւններուն եւ արդարացի բողոքներուն նկատմամբ միայն անտարբերութիւն ու արհամարհանք ցուցաբերող իշխանութեան մը թիւ 1 ղեկավարը կրնար, Ամանորեան իր պատգամով, 2013ի հաշուեփակը կատարել ինքնագովերգման հետեւեալ տիպի զեղումով.
«Անցնող տարին յագեցած էր բազում նախաձեռնութիւններով ու իրադարձութիւններով, բայց ամենակարեւորը, կարծում եմ, Հայաստանի տնտեսական վերելքին եւ անվտանգութեան մակարդակի բարձրացմանը միտուած՝ խորը գիտակցուած աշխատանքն էր:
«Մենք աւելի սերտացրինք Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական ու ռազմական համագործակցութիւնը Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ, իսկ գալիք տարի, վստահ եմ, կը դառնանք Մաքսային Միութեան լիիրաւ անդամ: Հայաստանը ստեղծում է նոր իրականութիւն, որտեղ լինելու է աւելի պաշտպանուած եւ աւելի մրցունակ:
«Մենք շարունակեցինք եւ հետեւողականօրէն շարունակելու ենք բարեփոխումների մեր ճանապարհը: Այստեղ մեր համագործակցութիւնը Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների հետ ոչ միայն չի թուլանալու, այլեւ՝ խորանալու է: Մեր նպատակն անփոփոխ է, եւ ուզում ենք, ի դէմս Հայաստանի, տեսնել արդիական պետութիւն՝ ամուր հասարակական յարաբերութիւններով եւ կայացած իրաւական համակարգով:
«… Ցանկանում եմ, որ լաւատեսական տրամադրութիւններով եւ լուրջ ծրագրերով մտնենք 2014 թուական. առաւել եւս, դրա հիմքերն ունենք, եւ դրանք մեզնից իւրաքանչիւրի մէջ են: Ինչպէս տրամադրուենք ու աշխատենք, այնպիսի արդիւնքներ էլ կ՛ունենանք»: (Հատուած՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ամանորեան ուղերձէն)։
Հարցը այն չէ, որ Հայաստանի քաղաքացին 2013ին չտեսաւ, հետեւաբար եւ բնականաբար չկրցաւ վայելել իր նախագահին գովազդած… «բարիքներ»ն ու «յաջողութիւններ»ը։
Հարցը այն է, որ Հայաստանի քաղաքական ղեկը ստանձնած իշխանութիւնը իր քաղաքացիներուն չի ներշնչեր այն վստահութիւնը, թէ իսկապէ՛ս յանձնառու է մեր երկրի «տնտեսական վերելքին ու անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման», յատկապէս՝ «յառաջընթացին դէպի արդիական պետութիւն՝ ամուր հասարակական յարաբերութիւններով եւ կայացած իրաւական համակարգով»։
Եթէ այդ յանձնառութիւնը նուազագոյն չափով իսկ գոյութիւն ունենար, ապա 2013ի հաշուեփակը կատարող նախագահական ուղերձը անպայման իր լուսարձակին տակ պիտի առնէր նախագահական ընտրութեանց ողբերգակատակերգութիւնը. ՀՀ նորընտիր նախագահը առնուազն պիտի յիշէր ու խոստովանէր, որ պետական կառավարման համակարգի անկատարութեան վերաբերեալ երկխօսութեան ձեռնարկելու եւ արմատական բարեփոխութեանց շուրջ խորհրդակցելու խոստումներ տուած էր իր ընդդիմախօսներուն։
Կարիքը կա՞յ, արդեօք, աւելի ետ երթալու եւ յիշեցնելու ՀՀ այսօրուան նախագահին, թէ իր պաշտօնավարութեան առաջին շրջանի սկիզբն ալ պր. Սերժ Սարգսեան խոստացաւ ունկնդիր մնալ իր ժողովուրդի ցաւերուն ու պահանջներուն, նոյնիսկ եւ իբր թէ այդ նպատակով Հանրային խորհուրդ ալ կեանքի կոչեց, բայց գործնապէս ոչ միայն դոյզն քայլեր չնետեց «ամուր հասարակական յարաբերութիւններ»ու եւ «կայացած իրաւական համակարգ»ի ուղղութեամբ, այլեւ մեր երկիրին ու ժողովուրդին վիզին փաթթեց տխրահռչակ Հայեւթուրք արձանագրութեանց ծանրաքարը։
Ո՛չ. կարիքը չկայ պղպջակի պէս օդը նետուած ու ցնդած՝ այդօրինակ խոստումները յիշեցնելու։
Բաւարար է խօսուն վկայութիւնը, այլեւ «պայթունավտանգ» ահազանգը Յունուարի 18ին կայացած բողոքի բազմահազարանոց հաւաքին։
Վստահաբար, վիճելի է համոզումն ու խանդավառութիւնը այն ընդդիմադիրներուն կամ դժգոհներուն, որոնք բազմահազարանոց ցոյցէն քաջալերուած, կը պնդեն, թէ «չորս-հինգ հազար տղամարդ» ցուցարարներ բաւարար են, որպէսզի խաթարուած այս իշխանութիւնը «թուղթէ դղեակի մը պէս փուլ գայ»…
Նաեւ՝ հաւանաբար իրաւացի են իշխանութեան բանբերները, որոնք ընդդիմադիր ճակատը ներքնապէս բաժնելու դիտաւորութեամբ դիտել կու տան, թէ կառավարութեան որոշած կենսաթոշակային նոր համակարգին դէմ ի մի եկած խորհրդարանական չորս ընդդիմադիր կուսակցութիւնները երկար ճամբայ չեն կրնար կտրել միասին, որովհետեւ բողոքի շարժումին յաջորդ քայլերուն մասին միասնական պատկերացում չունին։
Թերեւս աւելորդ անգամուան մը համար «Կոտոյին սպասելու» անհեթեթ վիճակին մէջ յայտնուած են նոյնինքն ընդդիմադիր ուժերը, որոնք Սահմանադրական դատարանի իրաւարարութեան դիմած են՝ կառավարութեան որոշումին սահմանադրականութիւնը վիճարկելու-վճռահատելու խնդրանքով։
Բայց ի՛նչ զարգացում ալ ապրի դժգոհութեան այս վերջին ալիքը, անվիճելիօրէն ու բացայայտօրէն որոշ է, որ հասարակական բողոքի շարժումը աւելի քան վառ է եւ կ՛արտայայտէ մեր ժողովուրդին իրաւատէր զանգուածին վճռականութիւնն ու մարտունակութիւնը։
Իշխանութեան յեղաշրջումի պոռ-թկումները եւ բիրտ քայլերը կրնան յարիր չըլլալ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեբանութեան, բայց արդարութեան համար պայքարը շարունակելու եւ որեւէ բրտութեան առջեւ տեղի չտալու յեղափոխական վճռականութիւնը աւելի քան հոգեհարազատ է հայութեան։
Այս առումով, նոր տարին լաւ չսկսաւ իշխանութեանց համար։
Հայաստանին կը սպառնայ քաղաքական անդամալուծութեան վտանգը, որովհետեւ մեր ժողովուրդը պատրաստ չէ հրաժարելու արդար եւ բարգաւաճ վաղուան իր երազէն, իսկ իշխանաւոր քաղաքական ուժը տրամադիր չէ անսալու սեփական ժողովուրդի պահանջներուն։
Այլ մանաւանդ, ի վիճակի չէ հասկնալու, որ քաղաքական կեանքի մէջ սխալ ուղի ընտրելու սայթաքումէն աւելի ծանր է սխալին չանդրադառնալու ինքնագոհութիւնը, իսկ սխալը չուղղելու մեծամտութիւնը արդէն աղէտ է։