ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ երկար ժամանակէ ի վեր պատարագ չի մատուցուիր, քանի որ եկեղեցին հոգեւորական չունի. Երկուշաբթի, Փետրուար 3ին այս մասին հաղորդեց թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Եկեղեցւոյ մէջ միայն տօնական օրերուն պատարագ կը մատուցուի, այդ ալ՝ Պոլիսէն եկած հոգեւորականներուն կողմէ:
Եկեղեցին վերանորոգուած էր 2010ին, իսկ 2011ին, 32 տարիներու դադարէ ետք, եկեղեցիին մէջ առաջին անգամ ըլլալով պատարագ մատուցուած էր: Վերանորոգուած էր նաեւ զանգակատունը եւ 98 տարի ընդմիջումէ ետք՝ հնչած էին եկեղեցւոյ զանգերը:
Եկեղեցւոյ ընթացիկ գործերով զբաղող Ս. Կիրակոս հիմնադրամը դիմած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին՝ խնդրելով Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ համար հոգեւոր սպասաւոր նշանակել: Ըստ «Անատոլու»ի՝ պատրիարքարանը յայտնած է, թէ բաւարար թիւով հոգեւորական չըլլալուն պատճառով կարելի չէ նշանակումը իրականացնել, սակայն պատրիարքարանը այս մասին պաշտօնական յայտարարութիւն մը չէ կատարած: Հարցը բարդացած է այն պատճառով, որ Թուրքիոյ մէջ չկայ քրիստոնեայ սպասաւոր պատրաստելու յատուկ դպրոց:
Այնուամենայնիւ, Սուրբ Կիրակոս հիմնադրամի անդամները չեն յուսահատած եւ կը պնդեն, որ պէտք է որեւէ միջոց գտնել եւ եկեղեցիին համար հոգեւորական մը նշանակել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.