
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Ամերիաբանկ»ի անցեալ տարուայ գործունէութեան արդիւնքները վկայում են, որ այն Հայաստանի բանկային համակարգում ամրապնդել է իր դիրքերն առաջատարների շարքում»: 31 Յունուարին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է «Սմերիաբանկ»ի գլխաւոր տնօրէն Արտակ Հանեսեանը՝ ներկայացնելով 2013ի դրամատնային ձեռքբերումները:
«Բանկի ակտիւները 2013թ. աճել են շուրջ 29 տոկոսով եւ 2013թ. դեկտեմբերի դրութեամբ կազմել են աւելի քան 315 միլիարդ դրամ,
պարտաւորութիւններն աճել են 32.6 տոկոսով՝ կազմելով աւելի քան 276.2 միլիարդ դրամ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ յաճախորդներուն նկատմամբ պարտաւորութիւնները աճած են շուրջ 35 տոկոսով եւ տարեվերջի դրութեամբ կազմած 170 միլիառ դրամ: Հանեսեան նշած է, որ «Ամերիաբանկ»ը, նախորդ տարուան արդիւնքներով, ներկայացուած ցուցանիշներու մեծութեամբ կը գրաւէ բացարձակ առաջատարի դիրքը Հայաստանի դրամատնային համակարգին մէջ:
Դրամատան զուտ շահոյթը 2013ի 31 Դեկտեմբերի դրութեամբ կազմած է 6.2 միլիառ դրամ, որուն մասնաբաժինը շուկային մէջ կը կազմէ 13 տոկոս: Պարզ անձերու ժամկէտային աւանդները հաշուետու տարուան ընթացքին աճած են գրեթէ 45 տոկոսով եւ կազմած շուրջ 68 միլիառ դրամ: «Անցած տարուայ Մայիսի 1ից «Ամերիաբանկ»ի կողմից ներկայացուած «Ամերիա աւանդ» նոր առաջարկը, որն առաջին անգամ հայաստանեան բանկային համակարգում հնարաւորութիւն ընձեռեց հրաժարուել աւանդական մեթոդներից եւ կառուցել աւանդը աւանդատուի համար նախընտրելի պայմաններով, ինչպէս նաեւ բանկի նկատմամբ հանրութեան ունեցած մեծ վստահութիւնը նպաստեցին «Ամերիաբանկ»ի ֆիզիքական անձանց աւանդների զգալի աճին», դիտել տուած է դրամատան գլխաւոր տնօրէնը:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ» հեղինակաւոր կազմակերպութեան «Տը Պենքըր»ամսագիրին կողմէ «Ամերիաբանկ»ը արժանացած է Հայաստանի 2013ի «Տարուան լաւագոյն դրամատունը» մրցանակին: