
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ուշագրաւ է, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) միաժամանակեայ լսումներ կ՛իրականացնէ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու կողմէ ներկայացուած երկու հակադիր հայցերով: Արդեօք ասիկա լոկ զուգադիպութի՞ւն է, թէ դատարանին կողմէ փորձ՝ միջամտելու կնճռոտ հարցի մը, զոր քաղաքական գործիչները չեն յաջողիր լուծել աւելի քան 25 տարիէ ի վեր:
Այս շաբաթ ՄԻԵԴը պիտի լսելէ «Սարգսեանը՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործը՝ քննութեան առնելով Մինաս Սարգսեանի բողոքը ընդդէմ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, որով ան կը պնդէ, որ բռնի արտաքսուած է Շահումեանի շրջանի Գիւլիստան գիւղը գտնուող իր տունէն, որ կործանուած էր 1992 թուականի Յունիսին ատրպէյճանական բանակին կողմէ: Սարգսեանի գործը առաջին անգամ ՄԻԵԴին ներկայացուած է 11 Օգոստոս 2006ին: Հետաքրքրական է, որ Եւրոպական դատարանը հայկական եւ ատրպէյճանական բողոքներուն վերաբերեալ լսումները իրականացուցած է միեւնոյն օրը. 15 Սեպտեմբեր 2010ի առաւօտեան դատարանը լսած է «Չիրակովն ու միւսները՝ ընդդէմ Հայաստանի» գործը, իսկ նոյն օրուան երկրորդ կիսուն՝ «Սարգսեանը՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործը:
14 Դեկտեմբեր 2011ի նախնական որոշումով ՄԻԵԴը Սարգսեանին բողոքը նկատեց մասամբ ընդունելի: Դատարանը մերժեց Ատրպէյճանի վիճարկումը, թէ գործը պէտք է դադրեցնել, քանի որ անոր մէջ ընդգրկուած դէպքերը տեղի ունեցած են մինչեւ Ատրպէյճանի կողմէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւրոպական համաձայնագիրի վաւերացումը 2002 թուականին: Ցաւօք, խնդրարկու Մինաս Սարգսեանը մահացած է 2009 թուականին, բայց անոր երկու զաւակները կը շարունակեն դատական գործընթացը: ՄԻԵԴը պիտի զբաղի Սարգսեանի գործի քննութեամբ 5 Փետրուար 2014ին:
Երկու շաբաթ առաջ ՄԻԵԴը լսեց «Չիկարովն ու միւսները՝ ընդդէմ Հայաստանի» հակադիր գործը, որով վեց ատրպէյճանցի քիւրտեր բողոք ներկայացուցած էին Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: Անոնք կը պնդէին, որ կարելիութիւն չեն ունեցած վերադառնալու իրենց տուները եւ սեփականութիւնները, որոնք կը գտնուին Լաչինի շրջանին մէջ, 17 Մայիս 1992 թուականէն ի վեր, որովհետեւ ստիպուած եղած են հեռանալու արցախեան պատերազմին պատճառով:
Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական առաջին բողոքը ներկայացուած է ՄԻԵԴ 6 Ապրիլ 2005ին: 4 Դեկտեմբեր 2011ին նախնական որոշումով ՄԻԵԴը համաձայն գտնուեցաւ գործին քննութիւնը կատարելու, նկատել տալով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւնները չեն արգիլեր Եւրոպական դատարանին՝ զբաղելու այս վիճելի հարցով: ՄԻԵԴի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 22 Յունուար 2014ին՝ քննութեան առնելով հետեւեալ հարցերը.
1. Արդեօք Հայաստանը ունի՞ իսկական հակակշիռ Արցախի տարածքներուն վրայ:
2. Ատրպէյճանցի վեց քաղաքացիները ունի՞ն բաւարար փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ապացուցեն անոնց ինքնութիւնը եւ սեփականութեան իրաւունքը հայցով ներկայացուած գոյքին նկատմամբ:
3. Պէ՞տք է արդեօք ատրպէյճանցի հայցուորները սպառէին բոլոր տեղական դատական ատեանները (ՄԻԵԴի պահանջը) հայց ներկայացնելով Արցախի դատարաններ՝ մինչ ՄԻԵԴ բողոք ներկայացնելը, նկատի ունենալով մանաւանդ այն բարդութիւնը, որ Արցախը չճանաչուած պետութիւն է:
Ահա որոշ մտորումներ ՄԻԵԴի վճռորոշ դերին մասին այս երկու հակասական բնոյթ ունեցող գործերուն մէջ.
1. Երկու բողոքներն ալ ՄԻԵԴ ներկայացուած են գրեթէ տասը տարի առաջ եւ անոնք կը պարունակեն մարդու իրաւունքներու ենթադրեալ խախտումներ, որոնք տեղի ունեցած են երկու տասնամեակ առաջ: Քանի որ հայ հայցուորը եւ ատրպէյճանցի վեց հայցուորներէն մէկը մահացած են անցեալ տարիներուն, անոնցմէ ոչ մէկը այլեւս կը տեսնէ Եւրոպական դատարանէն ակնկալուող արդարութիւնը: Ինչպէս կ՛ըսէ յայտնի ասացուածքը՝ «Արդարութեան ուշացումը արդարութեան մերժում է»…
2. ՄԻԵԴի ակնյայտ փորձը՝ միաժամանակեայ քայլեր ձեռնարկելու այս երկու առանձին, բայց հակադիր գործերու վերաբերեալ, ցոյց կու տայ, որ Եւրոպական դատարանը կը փորձէ լուծել ոչ միայն այս երկու բողոքները, այլ նաեւ՝ հող նախապատրաստել արցախեան հակամարտութեան լուծման համար, առնուազն փախստականներու՝ իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքի մասով:
Նկատի ունենալով ՄԻԵԴի մինչեւ այսօր անաչառ վերաբերումը հայկական եւ ատրպէյճանական հայցուորներու նկատմամբ, կարելի է ենթադրել, որ Եւրոպական դատարանը ի վերջոյ վճիռ կը կայացնէ յօգուտ երկու գործերուն, ատով իսկ դուռ բանալով երկու կողմերու փախստականներու հազարաւոր լրացուցիչ բողոքներուն առջեւ, որոնք նոյն բախտին արժանացած են արցախեան պատերազմին ընթացքին: Քանի որ Եւրոպական խորհուրդի անդամ բոլոր պետութիւնները պարտաւոր են կատարելու ՄԻԵԴի որոշումները, Եւրոպական դատարանը կրնայ սահմանել, որ այդ փախստականներուն թոյլատրեն վերադառնալ իրենց հայրենի տուները, այսպիսով մասնակի մարդասիրական լուծում պարտադրելով անզիջում հակամարտութեան, որ երկու երկիրներու ղեկավարներն ու միջազգային միջնորդները ի զօրու չեն լուծելու աւելի քան 25 տարիէ ի վեր:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը