ԵՐԵՒԱՆ.– 6 Փետրուարին Պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի ներդրման դէմ եղող «Դէ՛մ Եմ» նախաձեռնութիւնը բողոքի երթ կատարեց կառավարութեան 3րդ շէնքին դիմաց՝ «Նուաճիր իրաւունքդ» խորագիրով: Ցոյցին կը մասնակցէին մեծ թիւով քաղաքացիներ:
Ցուցարարները բարձրախօսով կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին կոչ ուղղեցին՝ ուսուցիչներու աշխատավարձերէն ստիպողաբար չգանձել պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգով նախատեսուած 5 տոկոս գումարը, քանի տակաւին ուժի մէջ է Սահմանադրական դատարանի որոշումը, որով ժամանակաւորապէս քաղաքացիները ազատ կը կացուցուին վճարումը չկատարելու պարագային նախատեսուած տուգանքներէն:
«Մի լռէք, բարձրաձայնէք, եթէ ձեզ պարտադրում են վճարել այդ գումարը», կրթական ոլորտի աշխատողներուն կը դիմէին ցուցարարները։
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ոչինչ կ՛ընէ ժողովուրդին համար. անոր համաձայն՝ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ առաջինը, որ կը գործադրէ Սահմանադրական դատարանի որոշումը եւ կը կասեցնէ պարտադիր գանձումները, իսկ կենսաթոշակներու ֆոնտեր չընտրած քաղաքացիները ազատ կը ձգէ։
Իրաւունքներու նուաճման երթին մասնակիցները ուղղուեցան դէպի ելեւմուտքի նախարարութիւն, ուր սուլեցին, վանկարկեցին «Ամօթ», ապա գացին դէպի կառավարութիւն, ուրկէ քալեցին դէպի Կեդրոնական դրամատուն, ապա՝ քաղաքապետարան եւ Պետական եկամուտներու կոմիտէ:
«Այսօր պետական այրերը զբաղուած են ոչ թէ պետականաշինութեամբ, այլ թալանով: Ամէն ինչ, անում են, որ նպաստեն արտագաղթին: Բայց մենք չենք արտագաղթելու: Մենք ենք մեր երկրի տէրը», կառավարութեան շէնքին առջեւ յայտարարեցին ցուցարարները։
«Ոչ ոք իրաւունք չունի ձեզ ստիպել ֆոնդ ընտրել», պոռացին ցուցարարները՝ քաղաքապետարանի աշխատակիցներուն կոչ ուղղելով չենթարկուելու իրենց ղեկավարութեան ճնշումներուն եւ թոյլ չտալու, որ խլեն իրենց աշխատավարձերը եւ հակասահմանադրական, կամայական որոշումներով պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային 5 տոկոս գանձում կատարեն իրենց աշխատավարձերէն:
«Արդէն ստացել ենք բազմաթիւ ահազանգեր, որ քաղաքապետարանը ճնշում է գործադրում իր աշխատակիցների եւ իրեն ենթակայ կառոյցների աշխատակիցների վրայ, վերեւից իջեցուել է հրաման, որ ստիպեն բոլոր քաղծառայողներին կատարել ֆոնդերի ընտրութիւն եւ պարտադիր վճարումները: Արդէն այս հրամանն ի կատար է ածուել թաղապետարաններում, դպրոցներում, մանկապարտէզներում», յայտնեցին ցոյցին մասնակիցները:
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին քաղաքապետարանի աշխատողներուն, տեղական ինքնակառավարման բոլոր մարմիններուն՝ կազմակերպուելու անօրինականութիւններուն դէմ՝ յիշելով, որ այս առնչութեամբ բոլոր ճնշումները հակաօրինական են, քանի որ առկայ է Սահմանադրական դատարանի որոշումը:
Ցուցարարներուն կ՛ընկերակցէին մեծ թիւով ոստիկաններ: Քաղաքապետարանին առջեւ վերջ գտաւ երթը՝ կրկին բոլորին կոչ ուղղելով միանալու, կազմակերպուելու եւ պայքարելու հակասահմանադրական օրէնքի դէմ:
Աւարտին՝ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան կոչ ուղղեց՝ միանալու իրենց յաջորդ նախաձեռնութիւններուն, որոնք պիտի կատարուին մարզերուն մէջ:
«Մեր յաջորդ բողոքի ակցիան կը լինի Փետրուարի 8ին Վանայ Ձորում: Լինելու ենք բոլոր մարզերում: Սա դառնալու է համաժողովրդական եւ համահանրապետական շարժում: Համընդհանուր ձեւով դուրս ենք գալու եւ պահանջելու ենք այս հակասահմանադրական օրէնքի վերջնական կասեցում: Չեն զիջելու, չենք նահանջելու, շարժումն աւելի մեծ թափ է հաւաքելու, մենք դուրս ենք եկել անտարբերութեան մթնոլորտից», յայտարարեցին «Դէմ Ենք» շարժումին անդամները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.