ԵՐԵՒԱՆ, «Ապարաժ».– 2013 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բժշկական հիմնարկներուն մէջ արձանագրուած է 2301 ծնունդ՝ 2315 նորածին: Մայրական մահացութեան պարագայ չէ արձանագրուած։
Արցախի մէջ 2013 թուականին չափահասներուն մօտ արձանագրուած է 145 հիւանդանոցային մահ՝ նախորդ տարուան 122ի փոխարէն: Այդ մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարար Զ. Լազարեան: Նախարարի հաստատումով՝ «աճը գրանցուել է հիմնականում ի հաշիւ կեանքի հետ անհամատեղելի վնասուածքներով ու թունաւորումներով, լեարդի ցիռոզով, պերիտոնիտով եւ չարորակ նորագոյացութեամբ հի-ւանդների մօտ»: Մահուան պարագաներէն 37ը արձանագրուած է 24 ժամուան ընթացքին: Ըստ Զ. Լազարեանի՝ հիւանդանոցային մահերուն մօտ 60 տոկոսին պատճառը արեան շրջանառութեան հիւանդութիւններն են:
Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ նախորդ տարի քաղաքացիներուն տրամադրուած է 1222 ուղեգիր՝ Երեւանի մէջ պետական պատուէրով մասնագիտացած բժշկական օգնութիւն ստանալու նպատակով, որոնց մէջ՝ մինչեւ 18 տարեկան 436 երեխաներ:
«Ուղեգրւում են հիմնականում ուռուցքային, արեան շրջանառութեան համակարգի խանգարումներով, ոսկրամկանային համակարգի եւ շարակցական հիւսուածքի հիւանդութիւններով տառապող հիւանդները», նշած է նախարարը: Զ. Լազարեանը յայտնած է նաեւ, որ Արցախէն Երեւան գացած անձերու սրտանօթային հիւանդութիւններու վիրահատութեան համար ծախսուած գումարին յիսուն տոկոսը պետական միջոցներով էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.