ՊԱՔՈՒ, «Փանորամա».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով զինուորական ուժերու առաջին բանակային ջոկատի կեդրոնին մէջ արտակարգ խորհրդակցութիւն հրաւիրած է. անոր մասնակցած է ջոկատի տարբեր ստորաբաժանումներու հրամանատարական կազմը: Փետրուար 7ին կայացած հաւաքին ընթացքին, քննարկուած են բանակէն ներս մահերու պարագաները ու սահմանային շրջաններու մէջ տիրող իրավիճակի եւ բանակի մարտական պատրաստութեան հետ կապուած հարցեր:
Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու՝ հրամանատարներէն ոմանք նախարարէն նկատողութիւն ստացած են, սակայն խորհրդակցութեան մասին այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.