ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ակօս» շաբաթաթերթի փաստաբան Հաքան Պաքիրճըօղլու, թերթի համացանցային կայքին վրայ կատարուած վերջին յարձակումներուն եւ խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշի հասցէին կատարուած սպառնալիքներուն պատճառով, դիմած է Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան. այս մասին կը տեղեկացնէ թերթին կայքը:
Յունուար 20ին եւ 25ին, թերթին կայքը (agos.com.tr) խանգարուած էր անյայտ անձերու կողմէ եւ կայքի սովորական նիւթերուն փոխարէն տեղադրուած էր գրութիւն մը, ուր կ՛ըսուէր. «Եթէ աշխարհի մէջ միայն մէկ թուրք մնայ, ան իսկ պիտի հետապնդէ հայերը»:
Այդ յարձակումներէն ետք, թերթի գլխաւոր խմբագիրի «Թուիթըր»ի հասցէին հայհոյանքներ եւ սպառնալիքներ ղրկուած էին. «Կարգը քեզի ալ պիտի հասնի, զգո՛յշ եղիր», «Արժանի ես մահուան», կամ «Պիտի գայ օրը, երբ բոլորդ պիտի կախենք Ղարաբաղի մէջ», գրուած էր այդ պատգամներուն մէջ: Հայ խմբագիրի հասցէին շարք մը այլ անվայել արտայայտութիւններ եւ հայհոյանքներ եւս կատարուած էին:
Փաստաբանը կոչ ըրած է դատախազութեան, որ ամէն միջոց ի գործ դնէ բացայայտելու յանցագործները եւ երաշխաւորելու Քոփթաշի ապահովութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.