ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Ժընեւի մէջ Չորեքշաբթի, Փետրուար 12ին դարձեալ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ կառավարական եւ ընդդիմադիր պատուիրակութեանց հետ, սակայն բանակցող կողմերը հանդիպումէն ետք յայտարարեցին, թէ ցարդ կարելի չէ եղած բանակցութեան օրակարգին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել: Ինչպէս պատահած էր բանակցութեանց առաջին հանգրուանին, ընդդիմութիւնը կը շարունակէ պնդել, թէ բանակցութեանց առաջին կէտը պէտք է փոխանցման կառավարութեան կազմութիւնը ըլլայ, մինչ կառավարութիւնը կը շեշտէ, թէ նախ պէտք է ահաբեկչական արարքները կասեցնելու մասին խօսիլ:
Իր կարգին, Իպրահիմի ըսաւ, որ տագնապի երկու կողմերուն կարելի չէ օրակարգ պարտադրել՝ վստահեցնելով, որ կարելի է փոխանցման կառավարութեան հարցով զբաղիլ եւ անոր զուգահեռ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ:
Իպրահիմի Չորեքշաբթի օր այս մասին խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլովի հետ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտարարեց, թէ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան «Ժընեւ-1»ի յայտարարութեան մէջ նշուած կէտերուն կարգով, «իսկ հոն առաջին կէտը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է»:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ «Ժընեւի մէջ բանակցութիւնները պէտք է օժանդակեն ահաբեկիչներու գործունէութեան վերջ տալուն եւ մարդասիրական հարցերու լուծման»: Ան նաեւ մերժեց Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած արեւմտեան շարք մը երկիրներու նոր բանաձեւը, «որովհետեւ հոն տագնապին ամբողջ պատասխանատուութիւնը վարչակարգին ուսերուն կը բեռցուի՝ անտեսելով իրողութիւնները»:
Միւս կողմէ, Չորեքշաբթի օր շարունակուեցաւ Հոմս քաղաքի գրաւեալ շրջաններէն քաղաքայինները դուրս բերելու գործողութիւնը եւ կարելի եղաւ մօտաւորապէս 200 հոգի հասցնել կառավարութեան հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններ: Հոմսի կառավարիչը նաեւ յայտնեց, թէ աւելի քան 100 ուրիշներ, որոնք նախապէս ձերբակալուած էին գրաւեալ շրջաններէն դուրս գալէ ետք՝ հարցաքննութեանց համար, արդէն իսկ ազատ արձակուած են: ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն՝ աւելի քան 300 կասկածելիներ ձերբակալուած էին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.