ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւնները 12 Փետրուարին խորհրդարանին մէջ գումարած են դռնփակ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկած են վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին եւ կառավարութեան նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու հարցը:
Խմբակցութիւններէն իւրաքանչիւրը ներկայացուցած է ասոր անդրադառնալու իր նախագիծը: Մեծ հաւանականութեամբ, Ազգային ժողովի 24-27 Փետրուարի քառօրեային այս խմբակցութիւնները՝ ՀՅԴն, ՀԱԿը, ԲՀԿն եւ «Ժառանգութիւն»ը, հանդէս պիտի գան որոշման մէկ միասնական նախագիծով, որ քառօրեայի օրակարգին վրայ պիտի ընդգրկուի որպէս պարտադիր եւ ըստ անհրաժեշտութեան քննարկուող հարց:
Խմբակցութիւնները ասոր համար պիտի նախաձեռնեն ստորագրահաւաքի եւ 44 ստորագրութիւն ունենալով, ըստ Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին, նախագիծը պիտի դառնայ քննարկման առարկայ նիստերու դահլիճին մէջ:
Ազգային ժողովին մէջ կայացած նիստէն ետք այս մասին «Երկիր Մեդիա»ին յայտնած է «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեանը:
Խմբակցութիւնները կը նախատեսեն երկու-երեք օր ետք ներկայացնել այդ միասնական նախագիծը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.