ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 6ի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի նորընտիր ոստիկանապետ Ռապըրթ Քասթրօ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ազգ. առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Ոստիկանապետին կ՛ընկերանային քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան եւ Կլենտէյլի ոստիկանութենէն Թամ Լորենց։
Հանդիպումին ներկայ էին Նարեկ Ա. քհնյ. Փէհլիվանեան, Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, Ազգ. վարչութեան փոխատենապետ Ճորճ Չորպաճեան եւ գանձապահ Թորոս Քէչէճեան։
Առաջնորդը շնորհաւորեց ոստիկանապետը իր նոր պաշտօնին համար, ապա նշեց, թէ հայ համայնքը մօտիկ եւ սերտ գործակցութիւն ունեցած է Կլենտէյլի ոստիկանութեան հետ՝ յոյս յայտնելով, որ նոյն թափով կը շարունակուի այդ գործակցութիւնը։ Խորհրդակցութեանց առանցքը հանդիսացաւ շրջանի ապահովութիւնը ընդհանրապէս, եւ մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ մասնաւորաբար։ Ոստիկանապետը իր կարգին անդրադարձաւ տարեցներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու հարցին:
Առաջնորդը նշեց, թէ այս տարի, Հայ Տարեցներու Տարի հռչակուած ըլլալով՝ լաւագոյն առիթն է ոստիկանութեան համագործակցութեամբ ուսուցողական միջոցառումներ իրագործելու, որպէսզի տարեցները աւելի իրազեկ դառնան երթեւեկի օրէնքներուն եւ կանոններուն:
Հանդիպման աւարտին, սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց ոստիկանապետին, որ շնորհակալութեամբ գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպման համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.