ԵՐԵՒԱՆ.– Ազգային ժողովին մէջ 14 Փետրուարին գումարուած է չորս ոչ իշխանական խմբակցութիւններու՝ ՀՅԴի, ՀԱԿի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւններու հերթական փակ նիստը: Դարձեալ քննարկուած է կառավարութեան նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու հարցը, սակայն նախագիծին շուրջ վերջնական եզրակացութիւն չէ կայացած տակաւին:
Իսկ կուտակային կենսաթոշակային օրէնքի պարտադիր բաղադրիչին դէմ յառաջիկայ պայքարին առնչութեամբ ուժերը յատուկ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գան, (կարդալ վերի լուրը) քանի որ այս առումով քննարկումը շատ ընդհանուր եզրեր բացայայտած է:
ՀԱԿի ներկայացուցիչներէն Լեւոն Զուրաբեան դիտել տուած է, որ չորս ուժերուն մասնակցութեամբ նիստերը արդէն կայուն ձեւաչափ են, օրակարգը հարուստ է:
«Բայց չեմ խօսի բոլոր այն հարցերի մասին, որոնք քննարկւում են», ըսած է ան։
Զուրաբեան անդրադարձած է 14 Փետրուարի նիստին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն եւ նշած, որ կուտակայինի վերաբերեալ հանդէս պիտի գան կոչով՝ ուղղուած քաղաքացիական գործիչներուն, որ աւելի աշխոյժ պայքար ծաւալեն, իրենք ալ պիտի միանան անոնց, քանի որ քաղաքական նոր իրավիճակ ստեղծուած է:
Անոր համաձայն՝ յառաջիկային կրկին նիստ պիտի գումարուի՝ նորէն քննարկելու կառավարութեան նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու հարցը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.