ԵՐԵՒԱՆ.– 18 Փետրուարին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչաութեան ժողովի անդամ Վազգէն Եագուպեանն ու ՀԲԸՄի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչները:
Խօսելով հայկական Սփիւռքին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առաջնային նկատեց հայոց լեզուի ուսուցումը, պահպանումը եւ տարածումը՝ որպէս հայկական ինքնութեան պահպանման միակ առհաւատչեայ: Հիւրերուն ներկայացուեցաւ նաեւ այս ուղղութեամբ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող լեզուի դասաւանդման, ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագիրները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան մայրենի լեզուի ուսուցման նպատակով ՀԲԸՄի հետ համատեղ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ «վըրչուըլ» հեռուստադպրոցի ստեղծման հարցը: Նախատեսուած է, հեռակայ ուսուցմամբ մայրենին հասանելի դարձնել հայկական Սփիւռքի տարբեր համայնքներուն: Հայոց լեզուն պիտի դասաւանդուի օտար լեզուի հիմքով: Ծրագիրը նախատեսուած է լեզուի իմացութեան տարբեր մակարդակներու համար՝ նկատի առնելով տարբեր երկիրներու մէջ լեզուի ուսուցման պահանջքը եւ նախատեսուած է 10 տարեկան եւ աւելի մեծ տարիքի եղողներուն համար: Դասընթացքը նախատեսուած է կատարել փոխներգործօն մեթոտով ուսուցողական վարժութիւններու միջոցով: Ան աշակերտներուն առիթ պիտի տայ պատասխանելու հարցումներուն, ուրիշներու հետ կապ հաստատելու, կարծիքները փոխանակելու եւ քննարկումներ կատարելու:
Նախատեսուած է նաեւ կազմակերպել արեւմտահայերէնի ուսուցում:
ՀԲԸՄի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկուեցին նաեւ ծրագիրի իրականացման թեքնիք, կազմակերպական այլ հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.