ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հրամանով, ծառայողական պարտականութիւններուն մէջ թերանալու համար Զինուած ուժերու 12 հրամանատարներ եւ անոնց տեղակալները նկատողութիւն ստացած են, իսկ բժշկական ծառայութեան եւ բժշկական կեդրոններու 5 պետեր ազատ կացուցուած են իրենց աշխատանքէն: Այդ մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան՝ առանց անուններ նշելու:
Այս զարգացումները կը վերաբերին Յունուարին թոքաբորբի պատճառով հիւանդանոց փոխադրուած նորակոչիկ Մհեր Խլղաթեանի ծեծին, եւ զինուորներ Էդիկ Շահնազարեանի ու Հայկ Մակարեանի՝ հիւանդութեան պատճառով մահուան դէպքերուն:
Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը նշած է, որ նկատողութիւն ստացած եւ աշխատանքէ հեռացուած զինուորական ծառայողները այդ դէպքերուն անմիջական առնչութիւն չունին, այլապէս անոնց դէմ քրէական գործ կը յարուցուէր, սակայն անոնք տեղի ունեցածին համար պատասխանատուութիւն կը կրեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.