
Կիրակի, Փետրուարի 16ին Իտալիով Չեզենա քաղաքի Պոլոնիայի համալսարանի մասնաճիւղի գլխաւոր դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին երկու ժամ տեւողութեամբ դասախօսութիւն մը, որուն ներկայ էին 500 ուսանողներ:
Հանդիպումը կազմակերպուած էր Չեզնա քաղաքի բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու կրթական խորհուրդին կողմէ, Իտալիայի հայոց միութեան համագործակցութեամբ:
Դասախօսութեան ընթացքին ներկայացուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետ կապուած հարցերը: Ուսանողներու հարցումներուն պատասխանեց Իտալիոյ հայոց միութեան նախագահ Պայքար Սվազլեանը:
Ձեռնարկը Իտալիոյ հայոց միութեան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած 2014ին ընթացքին նախատեսուած ծրագիրի առաջին կարեւոր քայլն էր:
Հայր Թովմա աբեղայ Խաչատրեան՝
Իտալիոյ հայոց հոգեւոր հովիւ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Միաբան