
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս քանի մը օրուան խորհրդածութիւնները չեն կրնար վերջ գտնել: Անոնք սկիզբ ալ չեն կրնար նկատուիլ, որովհետեւ այս խնդիրներուն մասին անցեալին բազմաթիւ գրութիւններ, ակնարկներ, վերլուծումներ լոյս տեսած են, ժողովներ, խորհրդաժողովներ գումարուած են, սակայն, նկատի առնելով ներկայ վիճակին ներկայացուցած պատկերը՝ կարելի է եզրակացնել, թէ բոլորս ալ խնդիրի քննարկման առաջին հանգրուանէն անդին չենք կրցած անցնիլ:
Երէկ մայրենի լեզուի օրն էր: Այս յիշեցումը սոսկ, բոլորս ալ՝ պոլսահայ թէ լիբանանահայ, պարսկահայ թէ սուրիահայ, իրաքահայ թէ հայաստանահայ, կը դնէ տագնապումի նոյն հարթութեան վրայ՝ մղձաւանջ, թէ մեր երեխաները պիտի մոռնան լեզուն, պիտի կորսնցնեն հազարաւոր տարիներու մշակութային հարստութիւնը, պիտի հեռանան ազգէն ու հայրենիքէն:
Այսօր եւ ամէն օր, Հայաստանի եւ Արցախի հարցով, նաեւ Հայ Դատով ու Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով կը տագնապինք բոլո՛րս, բոլոր հայերս. ուրկէ ալ եկած ըլլանք՝ կան մեզ համախմբող հիմնական ու անվիճելի արժէքներ, գաղափարներ, մտահոգութիւններ, որոնցմէ կրնանք ահռելի ուժ ու ներշնչում ամբարել:
Ուրեմն, մեզ բաժնող ազդակները, որքա՛ն ալ հզօրացած ըլլան տեղայնական տրամադրութիւններով, անոնք ոչ մէկ ձեւով կրնան չափուիլ մեզ միացնող յատկանիշներուն, մեր ընդհանուր նպատակներուն ու գաղափարներուն հետ:
Ուրեմն, եկէք շարունակենք քննարկումները, փորձենք անկեղծօրէն վերարժեւորել ցարդ գործադրուած միջոցները, սակայն՝ աւելի լրջօրէն փնտռենք նոր լուծումներ:
Գործնական մէկ առաջարկ. Եղեռնի հարիւրամեակին նախապատրաստուելու համայնքային միացեալ աշխատանքները եկէք դարձնենք աւելի՛ ընդգրկուն, ու աւելի սիրտով հաւաքուինք:
Եւ շարունակենք որոնումները: