
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Միչ Օ՛Ֆերըլ Հինգշաբթի, Փետրուար 20ի յետմիջօրէին յայտարարեց, թէ քաղաքապետական խորհուրդը 50,000 տոլար պիտի յատկացնէ ՀՕՄի Հոլիվուտի Ընկերային սպասարկութեան կեդրոնին, որ ամավարկի կրճատումներուն հետեւանքով՝ վերջին ութ ամիսներուն իր աշխատանքը կը շարունակէր շնորհիւ կամաւորներու:
Օ՛Ֆերըլ այս յայտարարութիւնը կատարեց «Ասպարէզ»ի անգլերէնի բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին, միաժամանակ յոյժ կարեւոր նկատելով ՀՕՄի կեդրոնին կողմէ Հոլիվուտի եւ իր 13րդ ընտրատարածքի ժողովուրդին վերջին 30 տարիներուն մատուցուած սպասարկութիւնները:
«Կ՛ուզեմ աւելի զօրացնել այս կեդրոնը ու կը փափաքիմ յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրել, որովհետեւ անիկա շարունակաբար կ՛օժանդակէ համայնքին: Միշտ անոր կողքին պիտի մնանք, այնքան ատեն որ ես քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եմ», յայտարարեց ան:
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը ողջունեց այս յատկացումը կատարելու որոշումը: «Երախտապարտ ենք քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Օ՛Ֆերըլին կողմէ ՀՕՄին ցուցաբերուած վստահութեան համար: ՀՕՄը իր կարելին կ՛ընէ հասնելու համար Հոլիվուտի ժողովուրդի կարիքներուն», յայտնեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լենա Պօզոյեան:
Օ՛Ֆերըլ, որ վերոյիշեալ հարցազրոյցին համար այցելած էր «Ասպարէզ» խմբագրատուն, առիթը ունեցաւ ծանօթանալու թերթի աշխատանքին, ինչպէս նաեւ այցելեց «Հորիոզոն» պատկերասփիւռի կայանն ու նոյն շէնքին մէջ գտնուող ՀՕՄի Հոլիվուտի Ընկերային սպասարկութեան կեդրոնը:
Յայտնենք, թէ Միչ Օ՛Ֆերըլ Մայիս 21, 2013ին ընտրուած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ փոխարինելով քաղաքապետ ընտրուած Էրիք Կարսեթին:
Անոր 13րդ ընտրատարածքի սահմաններուն մէջ կ՛իյնայ Հոլիվուտի մէջ գտնուող Փոքրիկ Հայաստան շրջանը: