
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը նամակ մը ղրկած է Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարութեան, ուր կը շեշտուի, թէ թուրք ազգայնամոլ Տողու Փերինչեքի հարցով ստեղծուած տագնապին մէջ միութիւնը զօրավիգ կը կանգնի Զուիցերիոյ դատական համակարգին եւ կոչ կ՛ընէ, որ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները առարկութեան իրենց իրաւունքը գործածեն՝ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանէն պահանջելու, որ վճիռը վերատեսութեան ենթարկուի:
Ինչպէս յայտնի է, ատեանը անակնկալ կերպով բեկանած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ուրանալուն համար Փերինչեքի դէմ սահմանուած Զուիցերիոյ դատական իշխանութեանց պատիժը։ Այս բեկանումը ինքզինք կ՛արդարացնէր կարծիքի ազատութեան սկզբունքով, բայց շատեր կը պնդեն, որ ատեանը իր այս դիրքորոշումով կը պաշտպանէ թրքական կողմի ուրացման քաղաքականութիւնը։
Ղրկուած նամակին մէջ ըսուած է. «Թուրքիոյ մէջ հայերու ու Անատոլուի այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ժխտումը գաղափարի պարզ տարակարծութիւն մը չէ. ասիկա՝ «պատահածը ցեղասպանութիւն չէր» ըսելէն շատ աւելի անդին կ՛երթայ։ Ցեղասպանութեան ուրացումը ի վերջոյ ճամբայ կը բանայ ցեղասպանութեան զոհերը յանցաւոր հռչակելու, անոնց դէմ ատելութեան մթնոլորտ մը ստեղծելու, հայերը հրապարակաւ նախատելու, զանոնք յարձակումներու նշաւակ դարձնելու։ Այս տեսակէտով կարելի է որպէս օրինակ ընդունիլ Հրանդ Տինքի ու Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւնները»։
Նամակին մէջ նաեւ դիտել տրուած է, որ ատեանէն երկու դատաւորներ եւրոպական ատեանի որոշումին դէմ վերապահութիւն յայնտած էին: Անոնք իրենց վերապահութեան արձանագրութեան մէջ յիշած են նաեւ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան կողմէ կազմակերպուած Ապրիլ 24ի ոգեկոչումը եւ ընդգծած էին Էլի Վիզելի այն նախադասութիւնը, թէ՝ «Ցեղասպանութեան ուրացումը ցեղասպանութեան զոհերը երկրորդ անգամ մը սպաննել կը նշանակէ»։
Նամակի վերջաւորութեան նշուած է, թէ Զուիցերիոյ կողմէ Փերինչեքը պատժելու որոշումը մարդկութիւնը կը պաշտպանէր ցեղապաշտութեան վտանգներէն, եւ այդ իսկ պատճառով՝ Զուիցերիա պէտք է եւրոպական ատեանի որոշումին դէմ առարկելու իր իրաւունքը գործածէ, որպէսզի դարձեալ չպատահին նմանօրինակ ցեղասպանութիւններ։
Միւս կողմէ, Պեռն հաստատուած Զուիցերիոյ հայերու միութիւնը եւս նամակ մը յղած է Զուիցերիոյ իշխանութեանց, որ նշեալ վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու դիմում կատարեն եւրոպական ատեանին՝ շեշտելով, թէ նման դիմում մը կատարելու պայմանաժամը Մարտ 17ն է: