ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իշխող «Պաաս» կուսակցութեան ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց. «Ներկայ տագնապին ընթացքին մայրաքաղաք Դամասկոսի կանգուն մնալը պատճառ դարձաւ, որ ամբողջ երկիրը չտապալի: Ներկայ տագնապը ծայրայեղականութեան որջեր յառաջացուց եւ նոյն ատեն քաղաքական իսլամութիւնը տապալեց»: Ան ըսաւ, որ «Պաաս» կուսակցութիւնը որոշ մարդկանց դասալիք ըլլալէ ետք աւելի զօրացած է: Ասատ նաեւ ըսաւ, որ Դամասկոս աշխարհի այլ մայրաքաղաքներէն տարբեր է եւ իւրայատկութիւն մը ունի, որովհետեւ պահպանած է թէ՛ իսլամական եւ թէ քրիստոնէական ժառանգութիւնը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը, յղում կատարելով «Կլոպըլ Ռիսըր»չ կայքին՝ հաղորդեց, որ ապստամբներու Սուրիական ազատ բանակի նոր հրամանատար Ապտալլա Պաշիր Նուհէյմի Իսրայէլի մէջ մարզուած է:
Ըստ թերթին՝ ան անցեալ տարի Իսրայէլի մէջ դարմանումի ենթարկուած է, երբ Սուրիոյ բանակին հետ բախումի մը ընթացքին վիրաւորուած էր: Օրին, անոր վիրաւորուիլը, մահանալն ու Տարաայի մէջ թաղուիլը յայտարարուած է՝ անոր Իսրայէլի մէջ գտնուիլը ծածկելու համար, սակայն Սուրիական ազատ բանակի բարձրագոյն սպայակոյտը քանի մը օր առաջ յայտարարեց, որ զօր. Սալիմ Իտրիս պաշտօնազրկուած է եւ անոր փոխարէն նշանակուած է Պաշիրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.